ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿՈՉ
ԵԱՀԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցչի տեղակալ Քորթնի Օսթրիան Վիեննայի մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ խտացեալ մարտերուն կապակցութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի ժողովին ընթացքին ան կրկին ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բոլոր հարցերու բանակցային ճանապարհով լուծումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։
«Մենք մօտէն կը հետեւինք իրադրութեան ու կոչ կ՚ուղղենք անյապաղ քայլերու ձեռնարկել՝ թուլացնելու համար լարուածութիւնը եւ խուսափելու համար ապագայ մագլցումէ։ Ինչպէս բազմիցս նշած ենք ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդին մէջ, Ուաշինկթըն կ՚ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ կամ անկէ բխած բոլոր մնացեալ հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման կարեւորութիւնը», նշեց Օսթրիան եւ յիշեցուց, թէ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն անցեալ շաբաթ հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
«ԱՄՆ պատրաստ է ներգրաւուիլ թէ՛ երկկողմանի եւ թէ համախոհ գործընկերներու հետ՝ ներառեալ նաեւ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ, նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան հաստատման եւ օգնելու հասնիլ հակամարտութեան տեւական քաղաքական կար-գաւորման», մատնանշեց ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը։