Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀՐՇԷՋ ԳՈՒՆԴԻՆ

Ուղ­ղա­փա­ռաց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քը ե­րէկ Իս­թան­պու­լի հրշէջ գուն­դին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ Պա­լըք­լըի յու­նաց հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ծա­գած հրդե­հի մար­ման ժա­մա­նակ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս առ­թիւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ճան Ա­քըն Չաղ­լա­րի, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի տե­ղա­կալ Մու­րատ Եա­զը­ճըի եւ Իս­թան­պու­լի հրշէջ գուն­դի բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Ռեմ­զի Ալ­պայ­րա­քի կող­մէ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քը ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րուն հա­մար ու շեշ­տեց, որ հի­ւան­դա­նո­ցի հրոյ ճա­րակ դար­ձած բա­ժան­մունք­նե­րը մեծ կա­րե­ւու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէին յոյն հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Ճան Ա­քըն Չաղ­լարն ալ յայտ­նեց, որ ի­րենց բա­ժին վի­ճա­կա­ծը ան­պայ­ման պի­տի ը­նեն վէր­քե­րու սպիաց­ման նը-պա­տա­կով։ Ռեմ­զի Ալ­պայ­րաքն ալ յի­շե­ցուց, որ հրդե­հի ծագ­ման յա­ջոր­դած ե­րե­քու­կէ­սե­րորդ վայր­կեա­նին հրշէջ գուն­դի մի­ջամ­տու­թիւ­նը ար­դէն սկը-սած էր։ 

Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիարք Ճան Ա­քըն Չաղ­լա­րին այս առ­թիւ ար­ծա­թեայ ափ­սէ մը նուի­րեց։ Հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը նը-կա­րա­հա­նուե­ցաւ հրշէջ գուն­դի այն ան­դամ­նե­րուն հետ, ո­րոնք Պա­լըք­լըի հի­ւան­դա­նո­ցի հրդե­հին մի­ջամ­տած էին։
Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թեան ու­ղեկ­ցե­ցան յոյն հա­մայն­քէն յայտ­նի գոր­ծիչ­ներ. ինչ­պէս՝ Լա­քի Վին­կաս, Նի­քօ Քա­լա­մա­րիս եւ Սթրա­թօ Տոլչ­նեա­տիս։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022