ՔՈՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւնները։ Դռնփակ հանդիպման կապակցութեամբ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Էրտողան հերթական անգամ կրկնած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին ի նպաստ՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է այդ աջակցութեան համար։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանային յետպատերազմեան իրադարձութեան շուրջ։ Քննարկուած են նաեւ տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ ռազմական ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հարցերը։

Էրտողան-Ալիեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քոնիայի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան Իսլամական զօրակցութեան 5-րդ մարզախաղերու բացման։ Երկկողմանի հանդիպումը տեղի ունեցաւ այս շրջանակին մէջ՝ մինչ Ալիեւ Քոնիայի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթարի հետ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022