ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՖԻՏԱՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ «Պետական բարձր ծառայութեան» մետայլով պարգեւատրեց արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովէն առաջ Էրտողան այս պարգեւատրումը կատարեց՝ Հաքան Ֆիտանի կողմէ ՄԻԹ-է ներս ծաւալուած գործունէութեան համար։ Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վերջերս կոչուելէ առաջ Հաքան Ֆիտան 13 տարի Ազգային հետախուզական ծառայութենէն ներս գործունէութիւն ծաւալած էր՝ որպէս փոխ-խորհրդական, խորհրդական, ղեկավար, նաեւ հանրապետութեան նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ։
Երէկուան մետայլը ստանալու ժամանակ Հաքան Ֆիտան ըսաւ. «Ես այս մետայլը կը ստանամ յանուն իմ այն ընկերներուն, որոնք ինծի հետ պարտականութիւն կատարելու ժամանակ ձեր հրահանգները կեանքի կոչելու համար նահատակուեցան Լիպիոյ, Ղարաբաղի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ»։
Նախագահ Էրտողանն ալ այս փուլին մաղթեց, որ Աստուած բոլորը արժանացնէ իր արքայութեան։