ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ԵՐԵՒԱՆԻ ՍԻԼԻԿԵԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Քո­պա­նիէն խոյս տա­լով Ուր­ֆա ա­պաս­տա­նած, ա­ւե­լի վերջ ալ Իս­թան­պու­լի վրա­յով Ե­րե­ւան ու­ղե­ւո­րուած Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը ար­դէն աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րենց հա­մար նոր ա­պա­գայ մը կեր­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ հրա­պա­րա­կե­ցին վե­րի լու­սան­կա­րը, ուր Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը կ՚ե­րե­ւին ի­րենց նոր բնա­կա­րա­նին մէջ։ Ա­նոնք հաս­տա­տուած են Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն Սի­լի­կեան թա­ղա­մա­սին մէջ ի­րենց հա­մար տրա­մադ­րուած յար­մա­րա­ւէտ կա­ցա­րա­նին մէջ։ Այս­պէ­սով ա­նոնց շուրջ ե­րեք ամ­սուան դժուար գոր­ծըն­թա­ցը ա­ւար­տին հա­սած է դրա­կան ար­դիւն­քով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015