ՊԱ՛ՀՆ Է ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԱՐԵՒԱԾԱԳԸ ՈՂՋՈՒՆԵԼՈՒ
Վերջին շաբաթներու ընթացքին, Մայրիներու երկիրի երիտասարդութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ոչ թէ հրացաններու համազարկով, այլեւ իր նորահաս սերունդին հոգեկան ուժերու անսանձ խոյանքով ոտքի էր ելած, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, լիբանանեան քաղաքական հին ու կարծրացած մտայնութիւնները կործանելու եւ անոր փլատակներուն վրայ նորը, մարդկայինն ու արդարը կառուցելու: Բովանդակ Լիբանանը՝ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, կ՚ապրէր յեղափոխութեան ազատարար շունչով:
Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած լիբանանեան երիտասարդական յեղափոխութեան վիթխարի տարերքն ու վեհութիւնը այսօր կամայ թէ ակամայ արձանագրուեցաւ լիբանանեան պատմութեան էջերուն մէջ: Եւ այս իրապաշտ պատմութիւնը ակամայ նշանաւորեց լիբանանեան արդի պատմութեան գաղափարական շրջադարձը: Եթէ համաշխարհային պատմութեան մէջ յեղափոխութիւնը կը ներկայացուէր դիցաբանական կերպարներու խորհրդապաշտական պատկերներով, ապա Պէյրութ մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ, «Անյայտ զինուորի» յուշարձանը շրջապատած էին իրական մարդիկ, որոնք ոչ միայն լուսաւորուած էին իսկական յեղափոխութեան գաղափարներով, այլ ամբողջ էութեամբ կը գիտակցէին իրենց մղած պայքարին ու յետապնդած ազգային նպատակներու պատմական բովանդակութեան: Անոնք ամենայն գիտակցութեամբ ու առանց վարանելու եկած էին միանալու իրենց «խելագարած ամփոխ»ին, լիբանանեան արժանապատիւ պոռթկումին:
Սոյն յօդուածին նպատակը բացարձակապէս գործադրուած ցոյցերու պոռթկումին չափանիշներ գտնելը չէ, հաւատալով որ դեռ կանուխ է առնուած սկզբնական քայլերուն արժեւորումներ կատարելը: Սակայն իմ տեսանկիւնէս դիտուած մեծապէս գնահատեցի երիտասարդ ու գիտակից սերունդին յանդգնութիւնը, որ նախակարապետը հանդիսացաւ լիբանանեան հոգեմաշ տագնապին անուն մը տալու ու խիզախօրէն հրապարակ իջնելու: Այսպէսով անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին համոզումներս, թէ ցեղի մը վերանորոգիչ ուժերը երիտասարդ ու դաստիարակուած կորովներէն կը բխին եւ մենք՝ թէ՛ որպէս լիբանանցի եւ թէ որպէս հայ մեր ազգային գոյութիւնը բարոյապէս յեղաշրջելու, վերաշինելու եւ քաղաքական փոթորիկներուն դէմ անսասան կենալու համար անհրաժեշտօրէն պէտք ունինք անոնց:
Հետաքրքրական էր ու հաճելի ցուցարար ամբոխին մէջ տեսնել հայ երիտասարդութիւն մը, որ ինքնակամ, առանց գունաւոր ու թուայնացած երեւոյթներ տալու իրենց պատկանելիութեան, Նահատակաց հրապարակ իջած էին իրենց քաղաքակիրթ քաղաքացիական պարտականութեան յագուրդ տալու: «Հայ երիտասարդութեան մէջ ազգային գիտակցութեան զգացումը վառ պահել ու հանրային ծառայութեան ոգին մշակել»: Ահա՛, նպատակ մը, որով պէտք է հիմնաւորուի դաստիարակութիւնը մեր նորահաս սերունդին: Որքա՜ն բախտաւոր կը զգամ ինքզինքս, որ պատեհ առիթներ ներկայացան ինծի դասաւանդելու օտար շրջապատներու մէջ եւս, ուր պարտաւորութիւնը ոււնեցայ ծանօթանալու եւ գործադրելու լիբանանեանէն տարբեր կրթական համակարգ, ուր շեշտակիօրէն կ՚ընդգծուէր համաշխարհայինը, համամարդկայինը, համակերպութիւնը, եւ վերջապէս մարդկային համեստութիւնը, առանց անոնց անհնարին պիտի ըլլայ կազմակերպուիլ որպէս գիտակից ազգ, որ օգտակարապէս կարենայ ծառայել հայրենիքին ու ազգային նպատակներուն:
Այսօր, առաւել քան այլ ժամանակներ, հայ ազգը պէտք ունի մտքի եւ սրտի տէր դաստիարակներու, եւ իր քաղաքական մութ կեանքին համար հեռատես առաջնորդներու:
Ի՞նչ է պատճառը, որ հայ իրականութենէն ներս, հազուագիւտ կը թուի ըլլալ ազգային հաւաքական կամքի մը արտայայտութիւնը գէթ այն խնդիրներուն շուրջ, որոնք մեր գոյութեան հետ սերտօրէն կապ ունին: Դեռ ամիսներ առաջ վիթխարի աշխատանքներ կը տարուէին մեր մեծագոյն ողբերգութեան՝ Եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչումներուն կապակցութեամբ. Միթէ՞ պահը չէր նաեւ ազգովին դատապարտական մեր աղերսագիրը յղելու առ որ անկ է, վերջին օրերուն թրքական ծովափներուն յայտնաբերուող սուրիացի թէ իրաքցի փոքրիկ հրեշտակներուն ու անոնց ծնողներուն կապակցութեամբ: Հապա եթէ անոնց մէջ հայեր ալ ըլլայի՞ն, այն ժամանակ միայն ներքին մղում պիտի յառաջանար մեր մօտ: Չէ՞ որ այդ ափերուն վրայէն դար մը առաջ իր մահուան վերջին քայլերուն հետքերը ձգած են նաեւ մե՛ր ազգի զաւակները, այդ ջուրերուն մէջ խեղդամահ եղած են նաեւ մե՛ր արենակիցները, նո՛յն նպատկներով ճամբայ ելած դէպի լուսաւոր ու յուսատու երկիրներ: Շատեր դատապարտելի գտան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնն ու Եւրոպան ներկայացնող երկիրները, նոյնիսկ Գանատան..., սակայն ինչո՞ւ չամբաստանել Արաբական Լիկան, որ իր աչքերուն առջեւ օրն ի բուն, իր իսկ զոհասեղանին վրայ կը դրուին իր ազգի զաւակները:
- Ի՞նչ է պատճառը, որ մեր հասարակական գործիչները, հռետորներն ու «մտաւորականներ»ը, որոնք ամէ՛ն բան են, ամէ՛ն բան ընելու ախտաւոր յաւակնոտութեամբը հիւանդացած: Ախտ՝ որ նկատելի է ամէնուրեք եւ ի սփիւռս աշխարհի...: Սակայն երբ համամարդկային ողբերգութեան երեւոյթ մը պարզուի համայն մարդկութեան առաջ, երբ միջազգային մամուլն իսկ կ՚ողողուի աղիտալի լրատուութեամբ.... անոնք կը շարունակեն մնալ դիտորդի, ունկնդրի եւ անտարբերութեան խորքը նիրհողի դիրքին մէջ:
- Ի՞նչ է պատճառը, մանաւանդ որ մեր միտքերը չունին կորովի ուղիղ չափանիշ մը դատելու եւ զանազանելու մարդու մը անձը, նկարագիրը եւ արժանիքը, ուրիշի մը ախտաւոր անձէն, արատուած նկարագրէն ու արհամարհելի անարժէքութենէն: Միթէ՞ այս է պատճառը յաճախ, որ ականատեսը կ՚ըլլանք այնպիսի միջակութիւններու, որոնք իրենց ազգի պատմութեան անգիտակ, հայրենի իրականութենէն մղոններով հեռու, կը ճգնին ցեխարձակումներ կատարել հայրենական հաստատութիւններու նկատմամբ: Լաւն ու բարին կը մնայ լուսանցքային, իսկ աժան ամբոխավարութիւնը առաջ կը քշուի դէպի տգիտութեան խորքը:
Մեր համոզումով, ցեղային այս աննկարագիր, յարափոփոխ ու անկայուն տատանումները արդիւնքն են ազգին ողնայարին ու սկզբունքային կեցուածքներուն խախտած ըլլալուն:
Չարիքն ու մարտահրաւէրները իրենց ներքին բնոյթին մէջ ըմբռնելով եւ անոր դժբախտ ծնունդին շարժառիթները անվախօրէն վերլուծելով է, որ դարմանին մասին կարելի է մտածել: երբեմն անկարելի կը թուի թերեւս մարդու մէջ ջախջախուած ողնայարը շտկել, բայց կարելի է ազգի մը բարոյական ու ֆիզիքական ողնայարները գիտականօրէն վերանորոգել:
Համոզումի ու արիութեան տէր մարդ մը սպառնալիքներու առջեւ տեղի չի տար։ Իսկ իր մարդկային իրաւունքներուն արդարացիութեան համար գիտակցութիւն ունեցող ազգ մը՝ բռնութեան առջեւ չ՚ընկճուիր: Ազգային ու համամարդկային ճգնաժամերը կը շարունակեն մնալ որպէս երկունքներ, որոնք պիտի շարունակեն նաեւ կազմել մեր ազգի բարոյական նկարագիրը՝ ուրիշ խօսքով՝ ողնայարը ի յայտ կը բերեն:
Կ՚ըսեն, թէ մարդ որքան ատեն որ կը շնչէ, կը յուսայ....: Ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ այդ յոյսը՝ առանց գործի: Շատեր պիտի ըսեն, թէ ազգովին ապրեր ենք ու պիտի շարունակենք ապրիլ..., սակայն հիմա պատկերները այլեւս ցնորքներ չեն, ազգովին հպարտութիւնը կ՚ապրինք Ազատ, Անկախ Հայաստանի մը, որ կ՚ուռճանայ իւրաքանչիւր արեւածագին, Մասեաց զոյգ գագաթներու շուքին տակ:
Պա՛հն է, որ ինքնագիտակցութեան արթննայ ազգը մեր. թո՛ղ բաց աչքերով տեսնէ իր վէրքերը, թո՛ղ համոզուի իր թերութիւններուն, թո՛ղ զգայ ապրելու պէտքը, ու միայն այն պահուն կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան պիտի ապրի յաւիտեան:
Հայութիւնը, իր լուսաւորողի պատմական վեհ առաքելութիւնը գլուխ հանելու եւ հինաւուրց ազգի մը իր աւանդութիւնները կարենալ ապրեցնելու համար, պէտք է որ անգա՛մ մըն ալ, հիմնապէս վերանորոգուի, մաքրուի ստրուկի հոգեկան ապրումներէն եւ նորէն վերածնի:
Մենք նոր սերունդի մը պէտք ունինք:
Ազգին յոյսը իր մանկապարտէզներուն եւ դպրոցներուն մէջն է:
Բարոյապէս, ֆիզիքապէս եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ համեմատօրէն հաւասարակշռուած, առողջ եւ կենսունակ դաստիարակութեամբ մը արի, վերածնունդը կ՚ուզենք տեսնել «Հայկ Նահապետ»ին, որ պիտի յանդգնի իր Ո՛Չը ըսելու մեր ազգին շահերը ոտնակոխող իւրաքանչիւր երեւոյթին:
Միայն այն պահուն մեր գոյութեան կռիւը պիտի շահինք, եւ մեր յոյսերուն տաճարակիր ասպետը պիտի ըլլանք:
Այսպէ՛ս կը հաւատանք մենք: Մեր հաւատքն է ասիկա:
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ