ՏԱՂ՝ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթավերջին մեր համայնքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր՝ Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ պատմական եկեղեցւոյ վրայ, որ այժմ թանգարանի վերածուած է եւ ուր երեք տարուան ընդհատումէ մը վերջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Մեծահանդէս արարողութիւնները արժանացան նաեւ թէ՛ Թուրքիոյ հանրային կարծիքի եւ թէ համայն հայութեան ուշադրութեան։ Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ այս առթիւ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը պսակուեցաւ իսկապէս փայլուն յաջողութեամբ։ Բոլորը առիթն ունեցան հոգեւոր ապրումներով լիցքաւորուելու։ Ուխտաւորներ փութացած էին նաեւ Հայաստանէն եւ արտասահմանէն, որոնք եւս ունեցան վառ տպաւորութիւններ։ Ուխտաւորներու շարքին էին արտասահմանէն հոգեւոր հայրեր։ Արարողութիւններուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Էօզսոյ։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները եւս աջակցութիւն ցուցաբերեցին այս ուխտագնացութեան՝ գլխաւորութեամբ Վանի կուսակալ Մուրատ Զօրլուօղլուի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ այս առթիւ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։

*

Երեք տարուան լռութենէ յետոյ, 9 սեպտեմբեր 2018, կիրակի առաւօտ Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։

Անցեալ ուրբաթ, 7 սեպտեմբեր 2018, առաւօտեան դէմ սկսաւ սոյն ուխտագնացութիւնը, որու բուն մասը գլխաւորեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

7 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018, ՈՒՐԲԱԹ

Առաւօտեան դէմ, ժամը 03.30-ին, Պատրիարքական Աթոռոյ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի եւ երէցկին Լուսի Չընարեանի, օդանաւով ճամբայ ելաւ դէպի Վան։ Խումբին միացան նաեւ Պատրիարքարանի անձնակազմէն խումբ մը ուխտաւորներ։

Շուրջ երկու ժամուան ուղեւորութենէ մը ետք, խումբը ժամը 08.30-ին, հասաւ Վանի Ֆերիտ Մելէն օդակայանը, ուրկէ անցան հիւրանոց։

Նոյն օր, ժամը 17.45-ին, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ուղեկցութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի, հասաւ Վան, ուրկէ առաջնորդուեցաւ դէպի Էտրէմիտ, ուր հիւրասիրուեցաւ Վանի կուսակալ Մուրատ Զօրլուօղլուի կողմէ, ընթրիքի սեղանով։

8 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018, ՇԱԲԱԹ

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Վան հասան նաեւ հոգեւորականներ, Ս. Պատարագի ընթացքին սպասարկելիք սարկաւագներն ու Արմաշ դպրաց խումբի անդամներ, որոնք ուղղուեցան հիւրանոց։ Մինչ, կազմակերպիչ խումբը նոյն ժամերուն արդէն ելած էր Աղթամար կղզի, ուր կատարեց անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները, փոխադրուեցան նաեւ եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները։

ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԱՅՑ

Նորին սրբազնութիւնը, ժամը 11.00-ին, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալին։

Մեծայարգ կուսակալը անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ կարողութիւն՝ իր կիրակնօրեայ պարտականութեանց համար։ Ան ըսաւ, որ երեք տարուան ընդմիջումէ մը ետք այս տարի կրկին առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։

Սրբազան հայրը ըսաւ, որ եկած է անգամ մը եւս գլխաւորելու ծանօթ ուխտագնացութիւնը, որու ընթացքին պարտականութիւն համարած է նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ ընծայուած ընդունելութեան եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, կուսակալին նուիրեց յախճապակեայ ծաղկաման մը։

Իսկ Վանի կուսակալը նորին սրբազնութեան նուիրեց Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նոր պատրաստուած մանրանկարը։

Յետմիջօրէին կղզի ելան նորին սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները՝ ուղեկցելով Վանի փոխ-կուսակալին եւ այլ պաշտօնական անձերու, տեղւոյն վրայ քննելու համար կատարուած պատրաստութիւնները։ Այս առթիւ կղզիի վրայ լարուած էին վրաններ, առողջապահական կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ մամլոյ հաղորդակցութեան կեդրոն մը։ Բացուած էին երկու ցուցահանդէսներ՝ մին Վանայ ծովու ընդծովեայ նկարներու, իսկ միւսը՝ Ճուլիա Մութլուի ստեղծագործութեամբ եւ Այթաչ Արազ Սելչուկի Վանայ շրջանի ազգագրական զգեստներու «Եատիկեար-ը Աղթամար» (Աղթամարի աւանդը) լուսանկարներու ցուցահանդէսը։

Մինչ այդ, արդէն իսկ Վան հասնելու սկսած էին ուխտաւորներ։ Կարսը շրջեցան նոյն ուխտագնացութեան մասնակից այլ խումբեր, որոնք միացան Աղթամարի ուխտաւորներու խումբին։

9 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018, ԿԻՐԱԿԻ

Առաւօտեան ժամը 08.30-ին, սպասարկողներու խումբը՝ առաջնորդութեամբ լուսարարապետ հայր սուրբին, ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար կղզի։ Ժամը 10.40-ին, կղզի հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ու մտաւ տաճար։

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Ժամը 11.00-ին կազմուած հանդիսաւոր թափօրը շարժեցաւ տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն՝ գլխաւորութեամբ պատարագիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։

Կը սպասարկէին Տ. Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Սարվէն Սրկ. Պըչաքճեան, Ղազար Կսրկ. Սապունճեան, Արտա Կսրկ. Փնարճեան, Կարապետ Կսրկ. Եոնթանեան, Շահին Ուրարակիր Դպիր Քալտըրըմեան եւ Շանթ Ուրարակիր Դպիր Չելիքեան։

Ս. Պատարագին հանդիսապետեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հայրը, իր շուրջ ունենալով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ու Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ դպրաց խումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Այս առթիւ գեղեցիկ անակնկալ էր ներկայութիւնը Երեւանէն երեք քահանայ հայրերու, ինչպէս նաեւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ դպրաց խումբի, որոնք մաս կազմեցին երգեցողութեան։

Ս. Պատարագին ներկայ եղան Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Էրսոյ, ՃՀՓ-ական երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու, Վանի կուսակալ Մուրատ Զօրլուօղլու։

ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ յիշատակութիւն՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Յիշատակուեցան. Ս. Խաչ հայրապետանիստ տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի թագաւորը, տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող ամենայն հայոց կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները՝ Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

ՔԱՐՈԶ

Տէրունական աղօթքէն առաջ նորին սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց պետական աւագանիին եւ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն կաթողիկոսութեան մասին, ապա քարոզեց բնաբան ունենալով՝ Ս. Պօղոս առաքեալի Գաղատացիներուն ուղղած նամակէն «Այլ ինձ քաւ լիցի պարծել, բայց միայն ի խաչն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որով ինձ աշխարհ ի խաչ ելեալ է, եւ ես՝ աշխարհի» (Գաղ. Զ 14) նախադասութիւնը։ Ան ըսաւ.

«Մեր եկեղեցական օրացոյցին մէջ Ս. Խաչի ընծայուած տօներէն Խաչվերացի տաղաւարը բոլորիս համար տարբեր իմաստ կը զգենու։

«Աստուծոյ Միածին Որդւոյն անարատ արեամբ սրբագործուած տառապանքի, չարչարանքի ու մահուան գործիք հանդիսացող խաչափայտը դարձաւ փրկութեան խորհրդանշան։ Քրիստոսի հաւատացող բիւրաւորներ խաչափայտին վրայ մատուցուած անկրկնելի Ս. Պատարագի խորհուրդին միջոցաւ հաղորդուեցան գերագոյն զոհողութեան գաղափարին հետ։ Ճանչցան Աստուծոյ սէրը, հայրական գուրգուրանքն ու ողորմութիւնը։

«Տարսոնացի Սողոսը քրիստոնեաներու չարիք կը հասցնէր, զանոնք կը հալածէր, նոյնիսկ Ս. Ստեփանոսը քարկոծողներուն կամակից ըլլալով՝ անոնց զգեստները կը կրէր։ Ան կամաւոր կերպով կը պատրաստուէր Երուսաղէմէն Դամասկոս երթալ, որպէսզի Քրիստոսի հաւատացողները ձերբակալէր ու Երուսաղէմ բերէր։ Այս ճամբորդութեան ընթացքին էր, որ փայլատակած լոյսին ընդմէջէն լսեց Քրիստոսի ձայնը ու իրեն համար բացուեցաւ Աստուծոյ խօսքին քարոզչութեան ճանապարհը ու այդ ճանապարհին մէջ արձանագրեց մեծ յաջողութիւն։ Հովիւներէն մարգարէ, ձկնորսներէն առաքեալ, մաքսաւորներէն աւետարանիչ յառաջացնող Աստուծոյ Ս. Հոգին, այս անգամ Քրիստոսի եկեղեցին հալածող Սողոսէն յառաջացուցած էր Պօղոս առաքեալը։

«Պօղոս առաքեալ իր անձին մասին Փիլիպպեցիներուն կը գրէր, ըսելով. «Թլփատուած եմ ութերորդ օրը, Իսրայէլի ցեղէն եմ, Բենիամինի սերունդէն, Եբրայեցի՝ Եբրայեցի ծնողքէ, ըստ օրէնքի՝ Փարիսեցի, ըստ նախանձախնդրութեան՝ կը հալածէի եկեղեցին, ըստ օրէնքի արդարութեան՝ անբասիր էի» (Փիլպ. 3.5-6)։ Այս բոլոր յատկանիշները շրջանի հասկացողութեամբ կարեւոր ու արժէքաւոր էին, մանաւանդ այս բոլորին վրայ ունէր նաեւ Հռովմէական կայսրութեան քաղաքացիութեան պատիւը։ Սակայն Պօղոս առաքեալ, որ «Տիրոջ համար ընտրեալ անօթ մըն էր, ու Անոր անունը կը կրէր հեթանոսներուն, թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ», Քրիստոսի համար վնաս կը նկատէր, այն ինչ՝ որ իրեն համար շահ էր։ Եւ այդ հասկացողութիւնն էր, որով կրցաւ մէկ կողմ թողուլ իր բոլոր պատուոյ տիտղոսները ու պարծենալ միայն Քրիստոսի Խաչին նշանով։

«Խաչը մեզի կը թելադրէ գտնել մեր խաչերը։ Որպէս քրիստոնեաներ՝ մեր կեանքը խաչակրութիւն է բառին իսկական առումով։ Աստուծոյ ծառայելու, մարդը սիրելու հրամայականը կեանքի նշանաբանն է մեզի համար։ Մեր կեանքը հոգեւոր առումով անտանելի կը դառնայ այն ատեն, երբ կը դադրինք խաչակրութենէ։ Աստուծոյ օրհնութիւններէն զուրկ, չորցած ու ցամքած մեր կեանքին տիրապետող աշխարհի վաղանցուկ ու գնայուն ծանրութիւնները միանգամընդմիշտ կ՚անէանան այն ատեն, երբ կը գտնենք մեր խաչերը, կը բարձրացնենք զանոնք իբրեւ յաղթանակի նշաններ՝ չարութեան դէմ մղուած հոգեւոր բարի պատերազմին։ Քրիստոս իր մահով մահը կոխոտեց եւ իր յարութեամբը՝ մեզի կեանքը պարգեւեց։ Նմանապէս խաչի քաղցր ծանրութիւնը կը թեթեւցնէ մեր կեանքի ծանրութիւնները. մեզ կը բերէ ու կը հաստատէ Աստուծոյ ծառայութեան սուրբ ճանապարհին մէջ, որուն ընթացքին մեզի կը թելադրուի «սիրել մեր թշնամիները, օրհնել մեզ անիծողները, բարիք ընել մեզ ատողներուն, եւ աղօթել անոնց համար, որ մեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (Մատ. 5.44-45)։ Այդ ճանապարհին մէջ կը կանչուինք «կատարեալ ըլլալու, ինչպէս որ կատարեալ է մեր Երկնաւոր Հայրը»։

«Երբ կը դադրինք խաչակրութենէ, կը վերածուինք Անառակ որդիին եւ խաչազուրկ մեր կեանքին անտանելի ծանրութեամբ երբ կը սկսինք հիւծիլ, մաշիլ, այն ատեն կը զգանք խաչին թեթեւութիւնը՝ հակառակ իր ծանրութեան։ Խաչով թեթեւնալու մեր տրամադրութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ փնտռելու եւ գտնելու մեր խաչերը։

«Խաչը մեզ կը խանդավառէ, որովհետեւ խաչը լուսաւոր փարոս է ու կը լուսաւորէ մեր կեանքը։ Այդ փարոսը չի շիջիր, որովհետեւ ան աստուածային պարգեւն է։ Մեր զօրացած հաւատքով արիացած, կը հրաւիրուինք Պօղոս առաքեալի օրինակով պարծենալու խաչի նշանով ու ըսելու. «Սակայն քաւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն, որով աշխարհը խաչը ելած է ինծի համար, ես ալ աշխարհի համար»։

«Այսօր մենք՝ Տիրոջ Ս. Սեղանին շուրջ ի մի համախմբուած, հեռու՝ ամէն տեսակի աշխարհիկ եւ քաղաքական հոսանքներէ կամ լոզունգներէ, կը կատարենք մեր քրիստոնէական պարտականութիւնը՝ աղօթք առաքելու առ Ամենակալն Աստուած։ Պաշտամունքի այս պահուն մենք կը յիշենք Վանի եկեղեցիներու եւ Աղթամարի կաթողիկոսութեան ի Քրիստոս ննջած կաթողիկոսները, առաջնորդները, վանահայրերն ու միաբանները, եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները եւ սպասաւորները, որոնք դարեր շարունակ հովուեցին իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած հաւատացեալները։ Աստուած յիշէ բոլորին աղօթքներն ու պատարագները եւ երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ իրենց հոգիները։

«Թող ամենաբարին Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ իր երկնացիր շնորհներն ու հոգեւոր պարգեւները առատացնէ բոլոր մարդկութեան վրայ, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան։ Թող Աստուած զօրացնէ եղբայրսիրութեան, խաղաղասիրութեան զգացումները եւ մարդիկ Աստուծոյ շնորհներով զօրացած՝ կարենան գնահատել բարօր համակեցութեան արժէքը։

«Տիրոջ շնորհքը, սէրը, ողորմութիւնը եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլայ. ամէն»։

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Ս. Հաղորդութենէն առաջ հաւաքական խոստովանանք կատարեց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան։ Ապա պատարագիչ հայր սուրբը հաղորդութիւն տուաւ տաճարի մէջի հաւատացեալներուն։ Նկատի ունենալով բազմութիւնը՝ հոգեւոր հայրեր եւս Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեցին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ բակը լարուած վրաններուն տակ ի հանդէս եկաւ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց պարզուած տեսարանին պատճառաւ։ Ապա նորին սրբազնութեան հետ արձակեցին սպիտակ աղաւնիներ։

ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հայրը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներու աղօթակցութեամբ «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։ Աշխարհի իւրաքանչիւր կողմ դարձը կը դժուարանար, քանի հաւատացեալներ եւ մամուլի աշխատակիցներ գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին վանքին բակը։

Ապա հանդիսադիր սրբազան հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասան հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները, ուխտաւորներուն պատճառելով ոգեւոր պահեր ու հոգեկան անհուն գոհունակութիւն։

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

Կեւաշի քաղաքապետութիւնը ի պատիւ սոյն ուխտագնացութեան՝ գաւառակի կեդրոնին մէջ սարքեց սիրոյ սեղան մը, որուն պաշտօնական անձնաւորութեանց առընթեր մասնակցեցան՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, հոգեւոր հայրեր, Ս. Սեղանի սպասարկողներ, Արմաշ դպրաց խումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Կեւաշի ժողովուրդը՝ շուրջ երկու հազար հոգի։

Ճաշկերոյթի ընթացքին արտայայտուեցան Վանի կուսակալը, Կեւաշի քաղաքապետ Սինան Հաքան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Բոլորն ալ շեշտը դրին միասնաբար ապրելու հրամայականին վրայ։

Այս առթիւ քաղաքապետը նորին սրբազնութեան նուիրեց պատմական փաստաթուղթի մը լուսանկարը, որ ԺԹ. դարու կէսին Աղթամարի միաբաններու ցուցակ մըն էր։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Յաւարտ հանդիսութեանց, իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները նոյն երեկոյեան վերադարձան Իսթանպուլ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2018