Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ԸՆԹԱՑՔ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսս, որ կ՚այցելէ Թուրքիա, երէկ հիւրընկալուեցաւ Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաքի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Ալպայրաք եւ Ռոսս վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առեւտուրի ծաւալը 100 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու ուղղութեամբ։
Պերաթ Ալպայրաք տեղեկացուց, որ արդիւնաւէտ տեսակցութեան ընթացքին արժեւորուած է երկու երկիրներու տնտեսական եւ առեւտրական համագործակցութեան ընդհանուր կացութիւնը։
Հարկ է նշել, որ ամերիկացի նախարարը պաշտօնատար անձերու առընթեր տեսակցեցաւ նաեւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներուն հետ։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2019