ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ ՎԱՅՐԿԵԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԱՐԿՈՒԻԼԸ

Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը։ Նիստէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցեց ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմինը կը հաղորդէ, որ պետութեան կողմէ ընտրական կանոնադրութեան ուղարկուիլը արդէն վայրկեաններու հարց կը համարուի, հետեւաբար որոշուած է թափ տալ նախընտրական պատրաստութիւններուն։

Այս ամբողջին մէջ Նախաձեռնարկ մարմինը մեր եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն հետ համագործակցութիւնը սերտացնելու ուղղութեամբ ջանքերը կը խտացնէ՝ հաշուի առնելով, որ իւրաքանչիւր եկեղեցի կը համարուի ընտրաշրջան մը։ Այս աշխատանքին մէջ առանցքային նշանակութիւն ունի, որ ընտրացուցակներու պատրաստութեան փուլին հարցականներու ծնունդ կու տան ընտրաշրջաններու սահմանները։ Նախաձեռնարկ մարմինը ներկայիս այս խնդրի յաղթահարման համար տեսանիւթեր եւ այլ բնոյթի տեղեկատուութիւն կը տրամադրէ մեր եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն։ Նախաձեռնարկ մարմինը կէտ նպատակը կը շարունակրէ մնալ՝ ընտրութեան արդարութիւնը երաշխաւորել եւ ապահովել ընտրողներու առաւելագոյն համամատութեամբ մասնակցութիւնը։

Բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով, Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ պատրիարքական ընտրութեան օրը իւրաքանչիւր ընտրատեղամասի պարագային պաշտօնի կոչել նուազագոյն դիտորդ մը եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու (IT) բնագաւառի մասնագէտ մը։ Ուստի, այս IT-ի մասնագէտներու միջեւ խորհրդակցութեան մթոլորտ մը ձեւաւորելու գործը Նախաձեռնարկ մարմնի ներկայ առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուի։ Հարկ է նշել, որ շուրջ քառասուն IT-ի մասնագէտի կարիքը պիտի ըլլայ այս մեծ գործը գլուխ հանելու համար։ Ուստի, Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ մեր համայնքի համապատասխան մասնագէտները ժամ առաջ ի մի հաւաքել եւ ընտրական աշխատանքներուն համար սկիզբ տալ անհրաժեշտ պատրաստութիւններուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2019