Ուրբաթ 10, Յունուար 2025
ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շուրջ երկու ժամ տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու զարգացման, տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։
Տեսակցութեան մասնակցեցան Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ Ազգային քոնկրէսի փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեան եւ Երեւանի Ռուսական դեսպանատան երրորդ քարտուղար Իկոր Ռաթուշնեակ։
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020