1673 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 111 հազար 193 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1673 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 55 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 943։ Ներկայ դրութեամբ 1181 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Այս տուեալներու լոյսին տակ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Եթէ սահմանափակումներուն բոլորով հնազանդինք, ապա աւելի հզօր պիտի ըլլանք։ Խրախուսենք այս ուժը ու պահպանենք մեր սիրելիները»։ Նախարարը միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք պատասխանատուութիւն եւ զգայնութիւն կը ցուցաբերեն սահմանափակումներուն նկատմամբ։

Միւս կողմէ, Ներքին գործոց նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց՝ որ ամբողջ երկրէն ներս հակակշռի տակ կ՚առնուին համաճարակով պայմանաւորուած նախազգուշական միջոցներն ու անոնց նկատմամբ հնազանդութիւնը։ Նախարարութիւնը այս մասին շրջաբերական մը ուղարկած է երկրի 81 քաղաքներու կուսակալութիւններուն։ Ստուգումները մասնաւորապէս պիտի խստացուին հանրային փոխադրամիջոցներու, ճաշարաններու, սրճարաններու, առեւտուրի կեդրոններու, շուկաներու եւ այլ վայրերու մէջ, ուր խտացեալ ձեւով կը գտնուին քաղաքացիները։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020