ՀՆԱՐԱՒՈՐ ԵՒ ԻՐԱՏԵՍ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթով այս առաւօտ սկսաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային դիւանագիտական ֆորումը, որու անպաշտօն մեկնարկն ալ կատարուած էր երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ընդունելութիւնով՝ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեամբ։ «Երեւանեան երկխօսութեան» այս առաւօտեան բացման լիագումար նիստին թէ՛ Փաշինեան եւ թէ Միրզոյեան ունեցան ելոյթներ։ Փաշինեան այս առաւօտեան ելոյթին մէջ յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի համաձայնեցուած դրոյթներէն մին կը նախատեսէ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։ Ֆորումի բացման Փաշինեան մանրամասն անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումներուն։ Փաշինեանի խօսքով՝ Հարաւային Կովկասէ ներս տեւական ու կայուն խաղաղութեան հաստատման իրատես ըլլալուն կամ չըլլալուն վերաբերեալ հարցը միայն Հայաստանին չի վերաբերիր։ «Ես կը փորձեմ պատասխանել մեր բաժնի հարցին ու կը պատասխանեմ Հայաստանի դիտանկիւնէն։ Ըստ այդմ, Հարաւային Կովկասէ ներս տեւական խաղաղութիւնը ո՛չ միայն հնարաւոր է, այլեւ իրատեսական», նշեց վարչապետը։
Փաշինեան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստ է Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան կապ տրամադրելու, սակայն բոլորը հակուած չեն այդ հնարաւորութենէն օգտուելու։
Այս հաւաքի մասնակիցներու շարքին է Լիւքսեմպուրկի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Զաւիէ Պեթէլ, որ հիւրընկալուեցաւ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Նախարարներու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի վերջին խմբագրուած տարբերակին մէջ կան ամբողջութեամբ համաձայնեցուած յօդուածներ։ Անդրադառնալով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման՝ Միրզոյեան յայտնեց, որ անընդունելի է երրորդ ուժերու ներկայութիւնը եւ անոնց կողմէ վերահսկողութիւնը։
Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը ծայրէ ի ծայր համաձայնեցուած է եւ հայկական կողմը վայրկեան առաջ կրնայ ստորագրել զայն։ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բարդութեան շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն անդրադառնալով՝ ան ըսաւ. «Մասնաւոր պահնորդները դէպի Նախիջեւան կրնան ուղեկցիլ բեռներուն ու մարդկանց, որպէսզի անվտանգութեան զգացումը աստիճան մը եւս աւելնայ»։
ՊԱՔՈՒԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ
Պաքուէն երէկ հերթական անգամ տեղեկացուցին, որ մերժելի է խաղաղութեան պայմանագրի այս պահուն համաձայնեցուած դրոյթներով ստորագրումը, ինչ որ կ՚առաջարկուի Երեւանի կողմէ։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ երէկ նշեց, որ իր երկիրը կ՚ընդառաջէ Ղազախիստանի առաջարկին, որպէսզի Աստանայի մէջ Հայաստանի հետ բանակցութիւններ կազմակերպուին։
ՄՈՍԿՈՒԱ-ԹԵՀՐԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ
Միւս կողմէ, տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ ալ ստեղծուած է լարուածութիւն։ Ռուսաստան Ատրպէյճանը կը խրախուսէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցին մէջ, իսկ Իրան կ՚ընդդիմանայ այդ որոշման։ Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիան, որ նաեւ երկրի գերագոյն առաջնորդին՝ կրօնապետին ներկայացուցիչն է, այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ան կը մասնակցի ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներու հանդիպման, իսկ Ռուսաստանի ներկայացուցիչներուն հետ երկկողմանի հարթութեան վրայ կը քննարկէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը։
Երէկ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանանի յայտնեց, որ Թեհրան կ՚աջակցի Երեւան-Պաքու խաղաղութեան օրակարգի յառաջխաղացման, սակայն, դէմ է միջազգային սահմաններու փոփոխութեան։
Իր կարգին, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով եւս երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ Մոսկուա-Թեհրան կապերուն շուրջ։ «Ռուսաստան եւ Իրան կը շարունակեն համագործակցութիւնը զգայուն ոլորտներէ ներս», ըսաւ ան։