Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԴԻՄՈՒՄ ԻՒՆԷՍՔՕ-ԻՆ
Թուրքիա դիմած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ Վանի բերդը համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ընդգրկելու համար։ «Րատիքալ»ի հաղորդմամբ, Վանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մուզաֆֆէր Աքթուղ յայտնած է, որ եթէ Վանի բերդը մտնէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, ապա ատիկա մեծ ճանաչում եւ օգուտ պիտի բերէ Վանին։ Հարկ է նշել, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ին ուղղուած դիմումին մէջ շեշտուած է Վանի բերդը եւ Վանի քաղաքամէջը, այսինքն հայկական թաղամասը, իբրեւ համաշխարհային ժառանգութիւն ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015