ԿԱՅԱՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍԱՄԱՐԱԹՈՆԸ

Ե­րե­ւա­նի մի­ջազ­գա­յին կի­սա­մա­րա­թո­նը կա­յա­ցաւ։ Հա­յաս­տա­նի Աթ­լե­թիզ­մի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ, հե­ռա­ցատ­կի Եւ­րո­պա­յի չգե­րա­զան­ցուած մրցա­նի­շի տէր Ռո­պէրթ Էմ­միեա­նի նա­խա­ձեռ­նած մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջին կի­սա­մա­րա­թո­նը սկսաւ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն։ Վազ­քին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ յայտ­նի մար­զիկ Եու­րի Ճոր­քաեւ, իր եր­կու եղ­բայր­նե­րուն հետ։

Կի­սա­մա­րա­թո­նը կազ­մա­կեր­պուած էր կա­ռա­վա­րու­թեան պե­տա­կան ծրագ­րով՝ Մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րա­րու­թեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան, Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան ազ­գա­յին կո­մի­տէի եւ Աթ­լե­թիզ­մի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ե­րե­ւա­նի կի­սա­մա­րա­թո­նին մաս­նակ­ցե­ցան շուրջ հինգ հա­զար վա­զող­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015