ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՖՐԱՆՔՖՈՒՐԹԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տան յա­տուկ տա­ղա­ւա­րով մը պի­տի մաս­նակ­ցի Ֆրանք­ֆուր­թի գիր­քի մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճա­ռին, որ այս տա­րի պի­տի կա­յա­նայ 14-18 Հոկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն։ Այս կա­րե­ւոր մի­ջո­ցառ­ման մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-ա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը հա­մա­կար­գող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­ջակ­ցու­թեամբ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, ցու­ցա­հան­դէ­սի մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցուին վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի, մաս­նա­ւո­րա­պէս Գեր­մա­նիոյ մէջ հրա­տա­րա­կուած գիր­քե­րը։ Տա­ղա­ւա­րի մէջ հա­տուած մը պի­տի տրա­մադ­րուի նաեւ Մեծ ե­ղեռ­նին նուի­րուած գրա­կա­նու­թեան։

Ֆրանք­ֆուր­թի ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով Հոկ­տեմ­բե­րի 16-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մեծ ե­ղեռ­նի վե­րա­բե­րեալ հրա­տա­րա­կուած գեր­մա­նե­րէն գիր­քե­րու շնոր­հան­դէ­սը, ո­րոնց կար­գին են Միհ­րան Տա­պա­ղի, Քրիս­տին Փլա­թի «Կո­րուստ եւ կտակ. կը յի­շեն ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րած­նե­րը», Ռոլֆ Հոս­ֆել­տի «Մահ ա­նա­պա­տի վրայ. Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն», Մի­խա­յէլ Հե­զե­մա­նի «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. Ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի մե­ծա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թեան մա­սին պա­պա­կան գաղտ­նի ար­խի­ւի չհրա­պա­րա­կուած փաս­տա­թուղ­թե­րով», Եուր­կէն Կոչ­լի­խի «Ա­ջակ­ցու­թիւն ցե­ղաս­պա­նու­թեան. Գեր­մա­նիոյ դե­րը հա­յե­րու ոչն­չաց­ման մէջ», Թո­մաս Հարտ­վի­կի «Հա­յու­հին» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015