ՆԱԹՕ-Ի ԿԱՐԻՔԸ ՉԿԱՅ

Ռու­սաս­տա­նի օ­դու­ժին կող­մէ Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րուն դէմ կա­տա­րուած ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը ար­ձա­գանգ գտած էին նաեւ ՆԱ­ԹՕ-ի մօտ եւ վեր­ջինս յայ­տա­րա­րած էր, որ ե­թէ Թուր­քիա պա­հան­ջէ, ա­պա կրնայ զի­նուոր ու­ղար­կել այն­տեղ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Թան­ժու Պիլ­կիչ ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա ՆԱ­ԹՕ-էն զի­նուո­րի պա­հանջք մը չու­նի։ Պիլ­կիչ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ը­սաւ, որ Ռու­սաս­տա­նէն պա­հան­ջած է, որ­պէս­զի զի­նուո­րա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը գայ, սա­կայն ցարդ դրա­կան պա­տաս­խան մը չեն ստա­ցած։ Ինչ­պէս պի­տի յի­շուի, ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Շթոլ­թեն­պերկ յայ­տա­րա­րած էր, որ պատ­րաստ են Թուր­քիան պաշտ­պա­նե­լու եւ ե­թէ հարկ ըլ­լայ նոյ­նիսկ զի­նուոր ա­ռա­քե­լու։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015