ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ՝ ԹՈՒՆՈՒԶԻՆ

2015-ի խա­ղա­ղու­թեան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը շնորհուե­ցաւ Թու­նու­զի Ազ­գա­յին երկ­խօ­սու­թեան քա­ռեա­կին։ Այս մա­սին ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց Նոր­վե­կիոյ Նո­պէ­լի յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Քա­սի Քուլ­ման Ֆի­վէ։ «2011-ի Յաս­մի­կի յե­ղա­փո­խու­թե­նէն յե­տոյ Թու­նու­զի մէջ բազ­մա­կի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ վճռո­րոշ ա­ւանդ ներդ­նե­լու հա­մար» տրուած է այս պար­գե­ւը քա­ռեա­կին։

Յի­շեալ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ստեղ­ծուած է 2013-ին, երբ ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րը կոր­ծան­ման սպառ­նա­լի­քի տակ յայտ­նուած էին քա­ղա­քա­կան սպա­նու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ե­լոյթ­նե­րու ա­լի­քի հե­տե­ւան­քով։ Մամ­լոյ տե­ղե­կագ­րին հա­մա­ձայն, քա­ռեա­կը կը նե­րա­ռէ Թու­նու­զի քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ա­ռանց­քա­յին չորս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը։ Այս կազ­մա­կեր­պու­թեան շնոր­հիւ երկ­խօ­սու­թիւ­նը հնա­րա­ւոր դար­ձաւ Թու­նու­զի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ։

Շուէ­տա­ցի գիւ­տա­րար Ալֆ­րէտ Նո­պէ­լի կամ­քին հա­մա­ձայն, խա­ղա­ղու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ վաս­տա­կի հա­մար մրցա­նա­կը դար­ձած է իր կող­մէ ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ կտա­կուած հինգ պար­գեւ­նե­րէն միա­կը, որ կը շնոր­հուի ու կը յանձ­նուի ոչ թէ Սթոք­հոլ­մի, այլ Օս­լո­յի մէջ։

Դափ­նե­կիր­նե­րու պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը միշտ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ նոյն օ­րը՝ Դեկ­տեմ­բե­րի 10-ին, Ալֆ­րէտ Նո­պէ­լի մա­հուան օ­րը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015