ՍՈՒՐԻԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐԸ ՉՈՒՆԻ
Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմը «մասնակի կլոպալ պատերազմ» մը դառնալու բոլոր բաղադրիչները ունի: Կլոպալ ըսելով պէտք է հասկնալ, որ Ռուսաստանի բացայայտ միջամտութենէն ասդին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ISIS)ի դէմ տրուելիք հարուածները կը դառնան աւելի հատու եւ վճռական:
ՄԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցած նիստերէն ետք, ուր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա երեք տարիներ իր ռուս գործընկերոջ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ տեղի ունենալիք բոլոր հանդիպումներէն «խուսափելէ» ետք կ՚ընդունէր եւ կողմերը միասին կը քննարկէին այսօրուան գլխաւոր օրակարգը համարուող սուրիական պատերազմի օրակարգը: Արաբական տարբեր շրջանականերու մօտ տակաւին կը խօսուէր այն մասին, որ Ռուսաստան սուրիական տագնապին համար լուծումներու նոր ծրար մը պիտի առաջարկէր, ըստ որու Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատ պիտի ընդունէր կարեւոր զիջում մը կատարել եւ «փոխանցման» կառավարութիւն մը կազմել: Նախատեսուած էր, որ այդ կառավարութեան կազմին մէջ պիտի ըլլային ընդդիմութեան տարբեր թեւերուն ներկայացուցիչները: Սակայն այդ առաջարկի մասին աշխարհի ղեկավարները ոչ մէկ ծպտուն հանեցին: Խօսակցութեան հիմնական օրակարգը յատկացուած էր ISIS-ի դէմ պայքարին: ՄԱԿ-ի նիստերէն անմիջապէս ետք Ռուսաստան կը բանար նոր հանգրուան մը եւ տեղեկութիւններ կը տրուէին Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի մէջ վերակառուցուած ռուսական զօրակայաններուն մասին:
Արաբական ճակատին վրայ մինչ Ռիատ եւ Արաբական ծոցի երկիրները «կը դրդեն» իրենց նեցուկով գործող սուրիացի ընդդիմադիրները, որպէսզի դատապարտեն Ռուսաստանի Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւնը, անդին Գահիրէ, որպէս Մոսկուայի հաւատարիմ դաշնակից կ՚ողջունէ սոյն գրոհները, նկատել տալով, որ «ահաբեկչութիւնը կարելի է սաստել միայն մահացու հարուածներ տալով»: Ռուսական հարուածներուն «թայմինկ»ը եւ հատու ըլլալու փաստը պատահական չեն: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ Մոսկուա իր այս հարուածներուն համար միջազգային որոշ համաձայնութիւններու կէտեր կը գործադրէ: Ճիշդ է, որ մերթ ընդ մերթ Միացեալ Նահանգներու զինուորական բանբերներ քննադատութիւններ կ՚ուղղեն Ռուսաստանի խաղացած դերին մասին, բայց եւ այնպէս այդ դատապարտումները խօսքէն անդին երթալու ոչ մէկ ուժականութիւն ունին: Սուրիական տագնապին առընթեր Միացեալ Նահանգներ մինչ քաղաքական տատանումներու մէջ են յստակ կերպով, անոնք նաեւ յստակ կերպով վճռած են այս խրթին թղթածրարը յանձնել առնուազն ապահովական գետնի վրայ իրենց «ձեռքերը լուալու» գնով: Ամերիկայի համար թիրախին ո՛վ ըլլալը երկրորդական է, որովհետեւ ընդդիմութեան տարբեր ղեկավարները Արեւմուտքին համար նոյնքան վտանգաւոր կը համարուին, որքան ISIS-ը: Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել եւրոպական տէրութիւններուն ահաբեկիչ տարրերէն ապրած ահուսարսափի մթնոլորտը, որ շեշտակիօրէն աճ արձանագրեց սուրիացի հազարաւոր գաղթականներու դէպի եւրոպական քաղաքներ ժամանումէն ի վեր: Եւրոպայի համար հիմա գլխու ցաւը Պեշար Էսատը չէ, այլ գաղթականներն են, որոնց խնդրին լուծման համար եւրոպացի պատասխանատուներ ստիպուած պիտի ըլլան վերատեսութեան ենթարկել իրենց կեցուածքները եւ «համեստ» ու հասկնալի ոճով մը բանակցիլ նոյն Էսատին հետ, որուն հեռացման համար եւրոպական տէրութիւններ գործի մղած էին բոլոր տեսակի միջոցներ:
Այս փոփոխութիւններուն դիմաց, յստակ է նաեւ, որ եթէ ռուսական կողմը իր ծանր հարուածներէն ետք որոշ կարեւոր յառաջախաղացք ունենայ։ Յստակօրէն պիտի ուրուագծուի, որ Միջին Արեւելքի նոր հանգրուանի մը գլխաւոր «փլէյմէյքըր»ը պիտի ըլլայ Ռուսաստանը, որմէ ետք Թեհրան եւ Ուաշինկթըն պարզապէս իրենց «թելադրանքները» պիտի տան Սուրիոյ նոր կարգավիճակի կերտման համար:
Ռիատ, որ մինչեւ այս պահը պաշտօնապէս իր կարծիքը չէ յայտնած ռուսական զինուորական հարուածներուն վերաբերեալ, կը նախընտրէ պահել իր քար լռութիւնը: Ռիատի համար շատ կարեւոր է պահպանել բարի կամեցողութեան յարաբերութիւնները Մոսկուայի հետ: Անցնող Օգոստոսին երկրի փոխ-գահաժառանգ Մուհամմէտ Պըն Նայէֆ իշխանը Մոսկուա հասնելով զինուորական եւ տնտեսական բազում համաձայնագրեր կնքած էր ռուսերուն հետ: Երկու երկիրներու գրեթէ միակ տարակարծութիւնը Սուրիոյ խնդրի լուծման համար անոնց ունեցած հակոտնեայ կեցուածքներն են ու յատկապէս Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի ճակատագրին մասին առկայ տարբեր կեցուածքները: Բազմաթիւ շփումներէ ետք Ռիատ չկրցաւ համոզել «Հիւսիսի արջ»ը: Եւ ոչ ալ կրցաւ համոզուիլ, որ Էսատ առնուազն յառաջիկայ հանգրուանին պիտի մնայ իշխանութեան վրայ: Այլ հարց, թէ Մոսկուա կրնայ վերջին պահուն հրաժարիլ իր Միջին Արեւելքի թիւ մէկ դաշնակիցէն, բայց եւ այնպէս եղած ուժերը մինչեւ այս պահը Մոսկուային վստահութիւն ներշնչելու կարողութիւնը չունին:
Որո՞ւ վստահի Մոսկուան իր զօրակայանները: Կամ ի՞նչ հիմունքներով ընդունի գործակցիլ ընդդիմադիր «չափաւորական» յորջորջուած խմբաւորումներուն հետ, որոնք այսօր ինքնութեան լուրջ տագնապ մը կ՚ապրին: Մոսկուա նաեւ կը հասկնայ, թէ Արեւմուտքին համար աւելի ձեռնտու է, որ Սուրիոյ մէջ ոչ մէկ իշխող ուժ իր «ոտքին վրայ մնայ»: Այդպէսով ստեղծելով համընդհանուր քաոսային իրավիճակ մը:
Ռուսաստանի ունեցած վերջին դերակատարութեան մասին կարեւոր դրական արձագանգներ կան նաեւ Իրաքի մէջ: Իրաքի պաշտպանութեան նախարարը կը յայտարարէ, որ իրենք կը վստահին Ռուսաստանի դերին ու «լաւ պիտի ըլլար եթէ Ռուսաստան իր զինուորական թաթը եւ ISIS-ի դէմ հարուածները տարածէր նաեւ Իրաքի մէջ»: Պաշտօնական Մոսկուան սակայն չհակազդեց այս «կոչ»ին՝ լաւ հասկնալով, որ իրաքեան գետինը շատ աւելի վտանգաւոր է եւ հոն մուտք գործելով ռուսական զօրքերը կրնան աւազախրուիլ: Թերեւս յառաջիկայ հանգրուանին Իրաքի մէջ զինուորական միջամտութիւն մը հաւանական ըլլայ, բայց բացորոշ է, որ Ռուսաստանի համար յատկապէս ներկայ հանգրուանին առաջնահերթութիւնը Սուրիան է:
Վերադառնալով Ռուսաստանի զինուորական գործողութիւններուն, մէկէ աւելի աղբիւրներ կը գրեն, որ վերջին օրերու հարուածներէն ետք ISIS ահաբեկչական խմբաւորումը կանգնած է լուրջ տագնապի մը առջեւ եւ ան կը փորձէ իր ունեցած զինամթերքը փոխադրել անզէն բնակիչներու ապրած վայրերը: Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ աղբիւրը զինուորական գործողութեանց մասին տեղեկութիւն տալով կը հաղորդէ, որ յատկապէս Տէր Զօրի մէջ ISIS-ի կարեւոր կեդրոնները հարուածուած են: Ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներ նաեւ ըսած են, որ ISIS կրնայ իր տիրապետած շրջաններուն մէջ գտնուող մզկիթները ականահարել եւ սուտ տեղեկութիւններ տալ արարքը ռուսական օդուժին վերագրելով: ISIS իր զէնքերն ու զինամթերքը անզէն քաղաքայիններու բնակարաններուն մօտ փոխադրելէ բացի, մեծ քանակութեամբ հրթիռներ կը տեղադրէ մզկիթներու մէջ կամ անոնց շրջակայքը: Այս բոլորը նախանշաններ են այն մասին, որ հակառակ Արեւմուտքէն մերթ ընդ մերթ լսելի դարձող «տրտունջք»ներուն, ռուսական հարուածները կարճ ժամանակամիջոցի մը աւելի ազդու են, քան դաշնակից ուժերուն արդէն մէկուկէս տարի առաջ սկիզբ առած հարուածները:
72 ժամ առաջ հրապարկուած լուրով մը պարզ կը դառնար, որ ռուսական բանակի առաջին սպան կը սպաննուէր Համայի գիւղական հատուածներուն մէջ ընթացող մարտերուն ընթացքին: Ու բացորոշ է նաեւ, որ ռուսական կողմը կրնայ զինուորական կորուստներ ունենալ: Այս բոլորին հաշուարկը լաւապէս կատարած ռուսական կողմին համար, արեան գնով սուրիական հողերուն վրայ իր զօրակայաններուն պահպանումը վստահաբար պիտի տայ քաղաքական կարեւոր միաւորներ: Ու յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին նոր ձեւաւորումին համար Ռուսաստան պիտի յաջողի շատ աւելի որոշիչ եւ մեծ դեր մը վերցնել:
Ինչպէս տարբեր առիթներով ալ գրած եմ, շատ յստակ ու տեղին բանաձեւում մըն է, որ Սուրիոյ պատերազմին հիմնական խօսքը զինուորական գետինինն է: Ու ճակատներուն վրայ որեւէ զարգացում վստահաբար պիտի ունենայ իր կարեւոր շեշտադրումը:
Ներկայ հանգրուանը բանակցութիւնները կանխող հանգրուանն է: Ու բոլոր կողմերը կ՚ակնկալեն, որ ռուսական հարուածները եթէ չկրնան ամբողջապէս անդամալուծել ISIS-ը, ապա վստահաբար պիտի կարողանան տագնապը նոր հանգրուանի մը առաջնորդել: Պէտք է ի մտի ունենալ նաեւ Ռուսաստանի այն կեցուածքը, ըստ որու Սուրիոյ «Ազատ բանակ»ը ահաբեկչական խմբաւորում մը չէ: Այս յայտարարութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին կրնայ ըլլալ հիմնարար ձեւաչափ մը եւ այդպէսով Մոսկուա կ՚ուզէ ըսել, որ այսօր կան ընդդիմադիր տարբեր ուժեր, որոնց հետ կարելի է համագործակցիլ:
Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր սկիզբ առած ռուսական հարուածներէն ետք դէտեր խօսած են, որ Սուրիան Մոսկուայի համար նոր Աֆղանիստան մը ըլլալու հեռանկարները ունի:
Բայց իրողութիւնը այդպէս չէ: Նախ անոր համար, որ զինեալ խմբաւորումներուն ուժ մատակարարող բոլոր կողմերը առաջուան նեցուկը ցոյց չեն տար անոնց: Իրավիճակը բոլորովին տարբեր է: Ու ահաբեկիչներուն արմատախիլ ըլլալը նպաստաւոր է Արեւմուտքին համար՝ չնայած անոր, որ անոնք ապշահարութեամբ կը հետեւին ռուսական քայլերուն ու իրենց մտքով կ՚ըսեն. «Այս հարուածները մենք պէտք է տայինք»: Հիմա իրավիճակը տարբեր է ու ռուսական հարուածներէն ետք միայն բրիտանական եւ ֆրանսական միջամտութիւնները պարզապէս «հետեւող»ի դերի մը մասին կը խօսին: Եւրոպական կողմին համար նման «հետեւող»ի դերը նաեւ կը խօսի այն մասին, թէ հաւանական է, որ Պերլին, Փարիզ, Լոնտոն եւ այլ «ծերացած» երկրամասի տէրութիւնները նոյնպէս պիտի խնդրեն Մոսկուայի բարերար օժանդակութիւնը (գէթ ապահովական առումով), լուծելու համար գաղթականներու խնդիրը, որ օր ըստ օրէ Եւրոպան հալածող ուրուականի մը կը վերածուի:
Այս ընդհանուր պատկերին դիմաց կարելի է ըսել, որ Սուրիան Ռուսաստանի համար Աֆղանիստան մը ըլլալու բաւարար տուեալները չունի: Բայց քիչ մը ետ երթալով նոյնը կարելի չէ ըսել Ամերիկայի մասին, որուն Սուրիոյ մէջ նախատեսուած զինուորական միջամտութիւնը կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ ու Հալէպ, Հոմս եւ Համա կրնային ամերիկեան ուժերուն համար Վիեթնամ մը դառնալ:
Ներկայիս ընթացող զինուորական գործողութիւններուն հիմամբ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն համար թիւ մէկ խնդիրն է վերաբանալ Հալէպ-Դամասկոս մայրուղին, որ վերջին տարիներուն կը շարունակէ մնալ փակուած: Այս օրակարգը ռուսական ցամաքային միջամտութեան առաջին փորձաքարն է։ Ու այս կէտին պարզ պիտի դառնայ այդ զօրքերուն միջամտութեան ազդեցիկութիւնը:
Եթէ ռուսական զօրքերը յաջողին նոր իրավիճակ ստեղծել եւ մասամբ անդամալուծել ISIS-ը, այդ պարագային յստակ կը դառնայ, որ Սուրիոյ տագնապին շուրջ խմորուող բանակցային գործընթացներուն սկիզբը ուշ չէ:
Ռուսական կողմին համար ամենէն ազդու գործօնը զինուորական ուժի ազդեցիկ գործօնն է ու այդ առումով Փութինի Մոսկուան վճռած է մինչեւ վերջ երթալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան