ՅԱՆՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

23-րդ Հա­մաշ­խար­հա­յին ու­ժա­նիւ­թի խորհր­դա­ժո­ղո­վը այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Հնգօ­րեայ ծրագ­րով մը կազ­մա­կեր­պուած է այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն 10-րդն ալ 1977 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած էր դար­ձեալ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Այս բնա­գա­ւա­ռի հա­մաշ­խար­հա­յին գրե­թէ բո­լոր հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րը փու­թա­ցած են Իս­թան­պուլ։ Աշ­խար­հի 82 եր­կիր­նե­րէն 265 ա­տե­նա­խօս ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տին ա­պա­գան Թուր­քիոյ մէջ լու­սար­ձա­կի տակ կ՚առ­նէ 60 ժո­ղով­նե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Աշ­խա­րհի չորս եր­կիր­նե­րէն նա­խա­գահ­ներ Իս­թան­պուլ փու­թա­ցած են հա­մա­ժո­ղո­վին առ­թիւ, ո­րու աշ­խա­տան­քը կը կա­տա­րուի Հար­պի­յէի՝ Իս­թան­պու­լի Հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նի հա­մա­լի­րէն ներս։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Թա­րա­պիա­յի ա­պա­րան­քին մէջ հիւ­րըն­կա­լեց այս հա­մա­ժո­ղո­վին առ­թիւ Իս­թան­պուլ ժա­մա­նած Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւը։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ նոյն առ­թիւ այ­սօր կը փու­թայ Իս­թան­պուլ։ Վեր­ջին եր­կու ամ­սուան ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան եւ Փու­թին ար­դէն կը տե­սակ­ցին եր­րորդ ան­գամ։ Ու­ժա­նիւ­թի իա­խա­րար Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք ե­րէկ հա­մա­ժո­ղո­վի բա­ցու­մէն ա­ռաջ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, թէ ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ մեր­ձե­ցում­նե­րը կրնան նպաս­տել խա­ղա­ղու­թեան՝ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով։ Այս հա­մա­ժո­ղովն ալ կազ­մա­կեր­պուած է յա­նուն խա­ղա­ղու­թեան։ Թուր­քիա ցարդ վստա­հե­լի գոր­ծըն­կեր մը ե­ղած է ու­ժա­նիւ­թի վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րու պա­րա­գա­յին։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Աւ­րա­սիոյ աղ­բիւր­նե­րու դէ­պի հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կայ հաս­նե­լու ճա­նա­պար­հին Թուր­քիա ու­նի կա­րե­ւոր գոր­ծըն­կե­րի մը դիր­քը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016