ՇԵՄՏԻՆԼԻԻ ՄԷՋ 18 ՆԱՀԱՏԱԿ

Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին խոր ցաւ եւ յու­զում ապ­րե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քի մը հե­տե­ւան­քով։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն Հաք­քեա­րիի Շեմ­տին­լի գա­ւա­ռա­կէն հա­սած լու­րե­րը սու­գի մատ­նե­ցին եր­կի­րը։ Այս­պէս, ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Շեմ­տին­լիի մէջ յար­ձա­կում մը գոր­ծեց ոս­տի­կան զօ­րաց պա­հա­կա­կէ­տին վրայ։ 5 թոն պայ­թու­ցի­կով ծան­րա­բեռ­նուած ինք­նա­շար­ժով մը կա­տա­րուե­ցաւ յար­ձա­կու­մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով 18 հո­գի նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Նա­հա­տակ­նե­րուն 10-ը զի­նուոր է։ 27 հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ այս տմար­դի յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան դէպ­քէն վերջ յայ­տա­րա­րեց, որ պե­տու­թիւ­նը վճռած է ա­մէն տե­սակ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց ձեռք առ­նե­լու ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Իր կար­գին, կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը՝ Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշն ալ յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա անձ­նա­տուր պի­տի չըլ­լայ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016