ՍԻՍԻ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը դէ­պի Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա ձեռ­նար­կած իր ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով Մոն­րէա­լի մէջ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի Ան­թի­լիա­սին վե­րա­դար­ձուե­լու պա­հան­ջով բա­ցուած դա­տին շուրջ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը տե­սակ­ցե­ցաւ Տքթ. Փա­յամ Ա­խա­վա­նի հետ, որ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ այս դա­տին հա­մար շարժ­ման յանձ­նուած ի­րա­ւա­բան­նե­րու խում­բի գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն է։ Խորհր­դակ­ցու­թեան ներ­կայ էին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն ի­րա­ւա­բան Վա­հէ Եա­գու­պեան, Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան պիւ­րո­յի ան­դամ Յա­կոբ Տէր-Խա­չա­տու­րեան եւ Ան­թի­լիա­սի Տե­ղե­կա­տուու­թեան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ Տ. Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման շուրջ բա­ցուած դա­տի ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին շուրջ հար­ցեր, ինչ­պէս նաեւ շօ­շա­փուե­ցան այս գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուան­նե­րը՝ ի­րենց ի­րա­ւա­կան ու պատ­մա­կան ե­րե­սակ­նե­րով։

Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 21-ին Ժը­նե­ւի մէջ նա­խա­տե­սուած է ընդ­լայ­նուած կազ­մով խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում մը, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին այս յանձ­նա­խում­բի թէ՛ հայ եւ թէ օ­տար բո­լոր ան­դամ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016