2798-ՐԴ ՈԳԵՒՈՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Ե­րե­ւա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 2798-րդ տա­րե­դար­ձը շա­բա­թա­վեր­ջին նշուե­ցաւ բա­ցա­ռիկ հրճուան­քով։ Հա­յոց քա­ղա­քա­մայ­րին ձօ­նուած ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն այս տա­րի մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պետ Անն Ի­տալ­կօ։ Ստեղ­ծուած խան­դա­վա­ռու­թեան մաս­նա­կից դառ­նա­լու ա­ռըն­թեր ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան պար­գե­ւատ­րեց Ի­տալ­կոն, որ այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը եւ «Կո­մի­տաս» թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։ Ի­տալ­կօ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Նալ­պան­տեան Ի­տալ­կո­յին յանձ­նեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ոս­կէ մե­տայլն ու հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­կա­նը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016