ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԹԱՆԿՈՅԻ ՇԱԲԱԹ

Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին միջոցառումներու շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ թանկոյի շաբաթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի մօտ Արժանթինի դեսպան Կոնզար Ուրրիոլապեիտիա խօսեցաւ երկու երկիրներու միջեւ բազմամեայ բարեկամութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ երկկողմանի երկարատեւ եւ կայուն դիւանագիտական յարաբերութիւններուն։ «Մեր երկու երկիրներու միջեւ ստեղծուած վաղեմի բարեկամական յարաբերութիւնները կը զարգանան քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Մենք աշխատանք կը տանինք տարբեր ուղղութիւններով եւ այս քսանհինգ տարուայ ընթացքին հասած ենք կայուն համագործակցութեան եւ շօշափելի արդիւնքներու», ըսաւ ան։

«Արժանթինեան թանկոյի շաբաթը» պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբերի 14-ը։ Այսօր եւ վաղը ՀԲԸՄ-ի երեւանեան մասնաճիւղին մէջ տեղի կ՚ունենայ «Արժանթինեան թանկօ. երաժշտութիւն եւ ոգի» խորագրեալ շարժանկարներու ցուցադրութիւն, որ կը ներառէ «Վերջին ծափողջոյն», «Վերջին պանտոնէոնահարը» եւ «Զգալով Փիացցոլան» վաւերագրական ժապաւէնները։ Հոկտեմբերի 12-ին՝ Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի կ՚ունենայ արժանթինցի պանտոնէոնահար Փապլօ Մաինէթթիի համերգը, որուն կը մասնակցին նաեւ արժանթինցի պարողներ Խորխէ Մենտոսա եւ Սեսիլիա Մասսէ։ Իսկ շաբաթավերջին արժանթինեան թանկոյի սիրահարներուն կը սպասէ մեծ անակնկալ. Հոկտեմբերի 14-ին Հիւսիսային Պողոտայի վրայ տեղի կ՚ունենայ թանկոյի բացօթեայ համերգ, որ կը ներառէ թանկոյի շոու՝ պանտոնէոնի ուղեկցութեամբ, եւ վարպետութեան դաս բոլոր փափաքողներուն համար։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017