ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՕՐՔԵՐ ԱՆՑԱՆ ՍՈՒՐԻԱ

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ 8 Հոկտեմբերի դրութեամբ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործած են Սուրիոյ տարածքը։ Վերջին օրերուն բանակը Սուրիոյ սահմանին վրայ կ՚իրականացնէր ծաւալուն ռազմափորձեր։ Այդ բոլորէն վերջ Ազատ Սուրիոյ բանակին գործողութիւնները խրախուսելու նպատակով ռմբակոծումներ կատարուեցան դէպի Սուրիա։ Ի շարունակութիւն այդ բոլորին, թրքական զօրքեր երէկ մուտք գործեցին Սուրիոյ տարածքը։ Զինուորական այս առաջին խումբը պիտի որոշէ այն վայրերը, ուր յառաջիկայ շրջանին պիտի տեղակայուին թուրք զինուորները եւ պիտի ճշդեն նաեւ փոխադրութեան համար ապահով ուղղութիւնները։ Թուրք զինուորներու մասնակցած «Լարուածութիւնը նուազեցնելու հակակշռման ուժ»ը այսպէսով պաշտօնապէս ներկայացուած կ՚ըլլայ գործնականօրէն։

Ըստ սահմանամերձ շրջաններէն հասած լուրերուն, Իտլիպի մէջ արդէն սկսած են բախումներ, որոնց ձայները կը լսուին Հաթայի սահմանակից Ռէյհանլը գաւառակէն։ Այդ բախումները տեղի կ՚ունենան Ազատ Սուրիոյ բանակին եւ «Հէյէթ Թահրիր Էլ-Շամ»ի զօրքերուն միջեւ։

Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ երէկ անկում ունեցաւ ռուսական ռազմաօդանաւ մը։ Բաց աստի, Մոսկուայի ղեկավարութիւնը երէկ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի հարցին շուրջ մեղադրանքներ հասցէագրեց Ուաշինկթընին։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութիւնը անցեալ ամիս դանդաղեցուցած էր ԻՇԻՊ-ի դէմ կատարուած օդային ռմբակոծումները։ Ռուսաստանի կողմէ պաշտպանուած Սուրիոյ բանակի Տէրզօրը նուաճելէ վերջ նկատուած է այդ դանդաղութիւնը։ Ռուս բանբերը ակնարկեց Մուսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առկայ լարուածութեան։ «Բոլորը տեսան, թէ ԱՄՆ-ի կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութիւնը Իրաքի մէջ կը ձեւացնէ ԻՇԻՊ-ի դէմ պատերազմիլ, հիմա ալ ԱՄՆ նոյնը կ՚ընէ Սուրիայէ ներս՝ պատերազմիլ ձեւացնելով ԻՇԻՊ-ի դէմ», ըսաւ Քոնաշենքով։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017