ԽՐԻՄԻ ՀԱՄԱՐ ԶՕՐԱՎԻԳ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Քիեւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոյի կողմէ։ Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ուքրայնա բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի վեցերորդ ժողովը։

Բանակցութիւններէն վերջ իր պաշտօնակցին հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ Ուքրայնա տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ առանցքային երկիրներէն մին է։ Թուրքիա օր ըստ օրէ կը զարգացնէ ու կը խորացնէ իր այս հարեւան ու ռազմավարական գործընկեր երկրին հետ յարաբերութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահը տեղեկացուց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները քննարկուած են ծաւալուն ձեւով։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցած են միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ, ներառեալ Սեւ ծովեան աւազանի անվտանգութիւնը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ պաշտպանել Ուքրայնոյ գերիշխանութիւնը, քաղաքական միութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Խրիմը։ «Խրիմի ապօրինի բռնագրաւումը չճանչցանք ու պիտի չճանչնանք», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Խրիմի թաթարները ապացուցանած են իրենց հաւատարմութիւնը երկրին նկատմամբ եւ Թուրքիա մեծ գոհունակութիւն կ՚ապրի Ուքրայնոյ կողմէ անոնց ընծայուած աջակցութեան բերումով։ «Մեր ցեղակիցներու կացութեան մօտէն պիտի հետեւինք ու պիտի շարունակենք այս նիւթը միջազգային հանրութեան օրակարգին վրայ պահել։ Խրիմի ապօրինի կացութեան յաղթահարման համար դիւանագիտական եւ իրաւունքի ճանապարհով առնուելիք քայլերու կարեւորութեան կը հաւատանք եւ այս ուղղութեամբ պիտի շարունակենք ներդաշնակ աշխատանք տանիլ Ուքրայնոյ հետ», ըսաւ Նախագահ Էրտողան։

Փեթրօ Փորոշենքոն ալ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ իրենց նպատակն է ամրապնդել ռազմավարական համագործակցութիւնը։ «Մեր նպատակն է միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ տարածքաշրջանէ ներս ապահովել վստահութիւն, կայունութիւն, անդորրութիւն եւ տեւական զարգացում», ըսաւ Փորոշենքօ։

Միւս կողմէ, Էրտողան Քիեւ այցելութեան ընթացքին տեսակցեցաւ նաեւ Խրիմի թաթարներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան Քիեւի մէջ տեղեկացուց նաեւ, որ Ուքրայնայէ ներս պիտի հաստատուի «Եունուս Էմրէ» թուրք մշակոյթի կեդրոն մը՝ թրքական լեզուին ու մշակոյթին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւնը յագեցնելու առաջադրութեամբ։

ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները երկկողմանի յարաբերութիւններու առընթեր անդրադարձան տարածքաշրջանային խնդիրներուն։ Նկատի ունենալով, որ Էրտողան կը ծրագրէ ամսավերջին Պաքու այցելել՝ հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս ուղեւորութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017