ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ԹԵՀՐԱՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի կողմէ։ Օդակայանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն վերջ Կարապետեան եւ Ճահանկիրի ունեցան առանձնազրոյց մը եւ աւելի վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Թեհրանի մէջ ընդգծուեցաւ Իրան-Հայաստան 400 քիլօվաթ հզօրութեամբ ելեկտրահաղորդման երրորդ գծի կառուցման ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ուժանիւթի փոխանակման ծաւալներու բարձրացման։ Սա նաեւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման առիթ պիտի հանդիսանայ։ Կողմերը մեծապէս կարեւորեցին նաեւ Մեղրիի ջրաելեկտրակայանի ծրագրի իրականացումը։ Տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ նշանակալի համարուեցաւ «Սիւնիք» ազատ տնտեսական գօտիին դերակատարութիւնը եւ իրանական «Արաս» ազատ գօտիներու հետ համագործակցութիւնը։ Գործակցութեան կարեւոր ոլորտներու շարքին դասուեցաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքներու զարգացումը, տարանցիկ փոխադրումները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Իրան-Թիւրքմենիստան եռակողմանի համագործակցութեան ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։ Ճահանկիրի ընդգծեց, որ Պարսից ծոցէն դէպի Սեւ ծով փոխադրութեան միջանցքներէն մին կրնայ ըլլալ Հայաստան։ Թեհրանի մէջ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուեցան նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր։

Կարէն Կարապետեան եւ Էսհաղ Ճահանկիրի տարածքաշրջանային զարգացումներու համատեսքին մէջ կանգ առին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։ Հայաստանի վարչապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշման մասին։

Կարէն Կարապետեան Թեհրանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ։ Պաշտօնական շփումներուն առընթեր, Կարապետեան «Արարատ» մարզամշակութային համալիրէն ներս հանդիպում մըն ալ ունեցաւ իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

«Մեր յարաբերութիւնները մշտապէս հիմնուած եղած են կայունութեան վրայ եւ կամօքն Աստուծոյ այդպէս ալ պիտի շարունակուի։ Իրանի զանազան քաղաքներուն մէջ ապրող մեր հայ քաղաքացիները ունին ջերմ կապեր Հայաստանի Հանրապետութեան իրենց հայրենակիցներուն հետ։ Սա լաւ կամուրջ մըն է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման համար։ Մենք մեր հարեւաններուն հետ ունինք լաւ յարաբերութիւններ եւ լուրջ աշխատանքներ կատարուած են անոնց զարգացման նպատակով», ըսաւ Ճահանկիրի եւ աւելցուց, որ Իրանի հարեւաններու հետ տարուող արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ Հայաստան ունի իր յատուկ տեղը։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017