ՄԱԼՔՈՎԻՉ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հոլիվուտի առասպելական աստղերէն Ճոն Մալքովիչ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած հինգերորդ միջազգային փառատօնի շրջանակին մէջ տեղի կ՚ունենայ յայտնի արուեստագէտին այցելութիւնը։ Ան հանդէս կու գայ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ։

Ճոն Մալքովիչին կ՚ուղեկցի Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեան։ Երէկ, Ճոն Մալքովիչ եւ Սերկէյ Սմբատեան սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ճոն Մալքովիչ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ներկայացուելիք գործի պարագային պիտի փորձեն մէկտեղել երաժշտութիւնը գրականութեան հետ։ «Այն համերգները, որոնց մէջ կը մէկտեղուին գիրն ու երաժշտութիւնը, անսպասելի ապրումներ կը պարգեւեն։ Դասական երաժիշտներու հետ ունեցած եմ քանի մը կատարումներ։ Սա իմ ութերորդ փորձն է։ Հիանալի զգացումներ ունիմ։ Երաժշտութիւնը համամարդկային ուժ մը կը պարունակէ, յատկապէս, երբ դասական երաժշտութիւն կը կատարես», ըսաւ Մալքովիչ։

Աշխարհահռչակ արուեստագէտը երէկ յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը փափաքէր այցելել Հայաստան։ «Երաժշտութիւնը, որու ներքեւ պէտք է հնչէ գրական գործ, կ՚ընտրեմ դժուարութեամբ։ Թեքստը չի կրնար մրցիլ երաժշտութեան հետ, ան պէտք է սահի ու իր տեղը գտնէ երաժշտութեան մէջ, յաւելեալ տեղեկութիւն հաղորդէ», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, Ճոն Մալքովիչ այս առաւօտ Սերկէյ Սմբատեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017