ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԵՒ ՈՉ-ՆԻՒԹԱԿԱՆ

Դամասկոսի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Դաւիթ Յովհաննիսեան, որ միեւնոյն ժամանակ նախկին Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնաժողովին կ՚անդամակցէր, երէկ, Երեւանի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները տարածքաշրջանային զարգացումներու համատեսքին մէջ» նիւթին ձօնուած քննարկման ընթացքին ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ արձանագրութիւնները ստորագրուեցան եւ թանկ գինով վաճառուեցան Ատրպէյճանին՝ նիւթական եւ ոչ-նիւթական ձեռքբերումներով։

«Եթէ համեմատենք, թէ ինչ կրնար տալ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ Հայաստանի հետ տնտեսական, քաղաքական եւ անվտանգային յարաբերութիւններու հաստատումը Թուրքիային՝ ապա կը հասկնանք, որ սա շատ լաւ հաշուարկուած քաղաքականութիւն մըն է եւ Թուրքիա այդ մէկէն քաղեց հնարաւոր ամէն ինչ», ըսաւ Դաւիթ Յովհաննիսեան։

«news.am» կայքէջի հաղորդումներով, Դաւիթ Յովհաննիսեան անհրաժեշտ համարեց նաեւ ընդգծել, որ արձանագրութիւնները ոչ թէ վիժեցուած են, այլ առկախուած։ Սա հնարաւորութիւն կու տայ հայ-թրքական յարաբերութիւնները դարձնել թուրք-ամերիկեան, թուրք-ռուսական, թուրք-եւրոպական։ Իր կարծիքով, Թուրքիոյ մերժողականութիւնը պայմանաւորուած է այլ ուժերու հետ բանակցութիւններով եւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ ոչ-դիւանագիտական միջոցներու դիմելու հնարաւորութեամբ։

Փորձառու դիւանագէտի կանխատեսումներով՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը հնարաւոր կրնայ ըլլալ այն ժամանակ, երբ երկու երկիրներու ղեկավար ուժերը պիտի հասնին սկզբունքային որոշման յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Այդ փուլէն վերջ է, որ կարելի է խօսիլ այլ երկիրներու շահերու մասին, որոնք այս կամ այն կերպով կրնան կարեւոր դեր խաղալ։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները Երեւանի կողմէ առ ոչինչ պիտի հռչակուին՝ եթէ մինչեւ յառաջիկայ գարուն չվաւերացուին Անգարայի կողմէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017