ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Այս շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ նախատեսուած է գեղարուեստական եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Հայաստանէն «Քատանս» սենեկային երաժշտական նուագախումբը նուագահանդէս մը պիտի սարքէ մեր գեղարուեստասէրներուն համար։ Այս համերգը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձին։ Այսպէսով, Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ պիտի նշուի Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը, հետեւաբար համերգը պիտի ունենայ պատմական բնոյթ։

Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ (ՍԾՏՀԿ) Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս համերգը։ Մեր համայնքէն խումբ մը յայտնի դէմքերու մասնակցութեամբ կազմուած կարգադիր յանձնախումբն ալ ստանձնած է կազմակերպչական աշխատանքներուն պատասխանատուութիւնը։ Համերգի հովանաւորն է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ծրագրին կ՚աջակցի Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը։ Արդարեւ, քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար եւ իր խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու ապահոված են՝ որպէսզի այս համերգին համար տրամադրուի պատշաճ երդիք մը։ Ուստի, «Քատանս»ի համերգը տեղի պիտի ունենայ «Ֆուլիա» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանին առընթեր։

Շաբաթավերջի համերգի յայտագրին ապահովուած է նաեւ մեր համայնքի գեղարուեստասէրներուն կողմէ խորհրդանշական մասնակցութիւն մը։ Այսպէս, ասմունքով մը հանդէս պիտի գայ Սիլվա Կոմիկեան։ «Քատանս»ի երգացանկի գործերէն մէկուն ժամանակ պար մը պիտի ներկայացնեն՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի տղաքը։ Հանդիսավարի պաշտօնը պիտի կատարեն երկու յայտնի դերասաններ՝ Պերճուհի Պէրպէրեան եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու։ Համերգի աւարտին պիտի սարքուի նաեւ ընդունելութիւն մը։

ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան այս ձեռնարկին համար հրաւէրներ ուղարկած են Իսթանպուլի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն։ Բացի դիւանագիտական շրջանակներէն, Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը եւ կարգադիր յանձնախումբը ծաւալուն աշխատանք կը տանին՝ մեր համայնքային շրջանակներէն առաւելագոյն մասնակցութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ։

Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին ձօնուած այս համերգը բնականաբար պատմական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ եւ կազմակերպիչները կը կանխատեսեն, որ ձեռնարկը արժանանայ մեր համայնքի բոլոր խաւերու անմիջական հետաքրքրութեան։

«Քատանս»ին մաս կը կազմեն Յակոբ Ջաղացպանեան (կիթառ), Վարազդատ Խաչումնեան (ջութակ), Մերուժան Եգանեան (ձեռնադաշնակ), Սոֆի Միքայէլեան (դաշնամուր) եւ Գուրգէն Ամիրեան (քոնթրըպաս)։ Խումբի կառավարիչն է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Նիկա Պապայեան։ «Քատանս» խումբը մեծ ճանաչում ունի իր բնագաւառին մէջ եւ անոր համբաւը արդէն դուրս եկած է Հայաստանի սահմաններէն։ Աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ այս խումբը ունեցած է ելոյթներ եւ շաբաթավերջի Իսթանպուլի համերգով այդ շղթային վրայ պիտի աւելնայ նոր օղակ մը։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017