«ԱՊՐԻԼ ՄԻԱՍԻՆ…»

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի բացման ընդառաջ Երեւանի մէջ արդէն դիւանագիտական երթեւեկը խտացած է աննախընթացօրէն։ Կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին առթիւ բաց-ւեցաւ Ֆրանսախօսութեան աւանը։ Մինչ գագաթաժողովի ծիրին մէջ նախատեսուած ընկերամշակութային ձեռնարկներն ալ կեանքի կը կոչուին, վերջին օրերուն Երեւանի մէջ իրերայաջորդ տեղի ունեցան Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մշտական խորհուրդի 105-րդ ժողովը եւ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 35-րդ համաժողովը։

«Ապրիլ միասին» կարգախօսով նախատեսուած է Երեւանի գագաթաժողովը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախարարական համաժողովի ընթացքին մասնաւորապէս ըսաւ. «Շատ կարեւոր է ամբոխավարութեան եւ ծայրայեղութեան աճի, ատելութեան քարոզչութեան եւ անհանդուրժողութեան դրսեւորումներու տարածման, անհաւասարութեան աճի, կլիմայի փոփոխութիւններու ժխտական ազդեցութիւններու համատեսքին մէջ հակադարձել խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւանց արժէքներու նկատմամբ յարգանքի ուժով՝ գործելով ի նպաստ մշակութային ու լեզուական բազմազանութեան եւ ամրապնդելով հանդուրժողականութեան սկզբունքը, որ կենսական նշանակութիւն ունի ֆրանսախօս տարածութեան զանազան հատուածներու միջեւ յարաբերութիւններու հաւասարաչափ զարգացման համար»։

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովին զուգահեռ, Երեւան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալել նախագահ Մաքրոնը։

Միւս կողմէ, գագաթաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական ֆորում մը։ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ֆորումը, որու բացումը այս առաւօտ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ելոյթով։ Խօսք առաւ նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտարարեց, որ այս ֆորումը երկրի արտաքին տնտեսական յարաբերութիւնները տեսակաւորելու հարթակ մըն է։ Երէկ երեկոյեան Արմէն Սարգսեան պաշտօնական ընդունելութիւն մըն ալ սարքեց այս ֆորումի մասնակիցներուն համար։  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2018