ԴՐԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի կարեւոր խմորումները կը շարունակեն բնորոշել երկրի օրակարգը։ Իրադարձութիւնները թէեւ որոշ չափով հրատապ բնոյթ կը կրեն ու որոշ չափով լարուածութեան մը տեղի տուած են, սակայն այլեւս յայտնի է, որ երկիրը վերջնականօրէն բռնած է արտահեթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճանապարհը։ Խորհրդարանի վերջին իրադարձութիւնները, երեսփոխաններու եւ զանազան կուսակցութիւններու դիրքորոշման մէջ արձանագրուած փոփոխութիւնները կու գան վկայել, թէ դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան արտահերթ խոր-հըրդարանական ընտրութիւններ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայիս ունի բոլոր երաշխիքները՝ որպէսզի արտահերթ ընտրութեան գործընթացին սկիզբ դնելու համար հրաժարի եւ խորհրդարանէ ներս քաղաքական ուժերն ալ իրեն փոխարէն վարչապետի նոր թեկնածու մը չառաջադրեն։

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան, որ վերջին օրերուն կը գտնուէր արտասահման, երկիր վերադառնալէ անմիջապէս վերջ նախաձեռնած է այս հանդիպումներուն։ Նախագահ Սարգսեան Արա Պապլոյեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկած է երկրէն ներս ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին եւ առկայ խնդիրներու լուծման ուղիներուն վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորութիւն ընծայուած է երկրի կայունութեան պահպանման եւ հանդուրժողութեան մթնոլորտի նկատմամբ։ Արմէն Սարգսեան ողջունած է վերջին օրերու բանակցային գործնթացը ու շեշտած է, որ իրավիճակը հարթելու եւ առկայ խնդիրները լուծելու միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է։ Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, թէ հասարակութիւնն ու քաղաքական ուժերը կը շարունակեն խոհեմութիւն եւ սթափութիւն դրսեւորել, առաջնորդուիլ երկրի շահերով, սահմանադրութիւնով եւ օրէնքներով։

Արմէն Սարգսեանի հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսած է հետեւեալը. «Իսկապէս շատ կարեւոր է, որ այս իրավիճակը քննարկենք նաեւ հանրապետութեան նախագահին հետ։ Ըստ էութեան, հիմա կրնամ ըսել, որ վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենան քանի մը իրադարձութիւններ, որոնք կարծես, թէ կը տանին դէպի հանգուցալուծում։ Մասնաւորապէս, երէկ (նախընթաց օր) «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ յուշագիր մը ստորագրեցինք, դեկտեմբերին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւն կատարելու վերաբերեալ։ Եւս 16 պատգամաւոր գրաւոր յայտարարութեամբ պաշտպանեց այս նախաձեռնութիւնը։ Կը կարծեմ, թէ, ըստ էութեան, գործընթացը կ՚ընթանայ լարուածութեան թօթափման ճանապարհով, ինչ որ դրական է»։

Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ ուրախութիւն յայտնած է, թէ սկզբունքօրէն գործընթացը տեղի կ՚ունենայ երկխօսութեան եւ հանդուրժողութեան մթնոլորտի մէջ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, թէ վերջին օրերուն բանակցութիւններու երկխօսութեան ճանապարհով որոշ արդիւնքներ ապահովուած են։ Նախագահը նշած է, որ կացութիւնը պէտք է անպայման հարթուի։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կուսակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր որդեգրած քաղաքականութեան ու չի խոչընդոտեր կառավարութեան աշխատանքը։ Հանրապետական կուսակցութեան պատկերացումով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու տրամաբանական ժամկէտը մայիս-յունիս ամիսներու շրջանն է։ Այդ պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ խորհրդարանական պետութեան մը յարիր խորհրդարան ձեւաւորելու համար լիարժէք քննարկել Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները։ «Անկախ այս բոլորէն, չընդունելով դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու վերաբերեալ կառավարութեան բերած հիմնաւորումները՝ Հանրապետական խմբակցութիւնը չունէր եւ չունի մտադրութիւն առաջադրելու վարչապետի իր թեկնածուն։ Ընտրութիւնները գարնան կատարելու մեր մօտեցման նպատակն է՝ ապահովել ժողովրդավարական սկզբունքներով նոր խորհրդարանի մը ձեւաւորումը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Բաց աստի, Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Միհրան Յակոբեան, Կարէն Պեքարեան, Արման Սաղաթելեան եւ Սամուէլ Ֆարմանեան երէկ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը։ Անոնք համոզուած են, թէ արդար լուծում մը պէտք է գտնել ներքին քաղաքական առկայ հարցերուն համար։ Ըստ Հանրապետական երեսփոխաններուն, ճանապարհներ պէտք է գտնուին՝ որպէսզի մարդիկ իրարու արժանապատուութեան հաշուոյն չինքնահաստատուին։

Հայաստանի մամուլէն զանազան թերթեր այսօր կը հաղորդեն, որ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան դեկտեմբեր 9-ին։  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2018