ԵՒՐՈԱՍԻՈՅ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ 3-ՐԴ ՀԱՒԱՔԸ՝ ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՄԷՋ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի տանտիրութեամբ՝ Անթալիայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու երրորդ հաւաքը։ Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ Թրքական եւ հայկական լրատուամիջոցները վերջին օրերուն կը տեղեկացնեն, որ ժողովներուն ընթացքին տեղի ունեցած է որոշ լարուածութիւն, ծագած է նաեւ վէճ։

Շարմազանով ելոյթին մէջ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ հակադարձած՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի տեսակէտներուն։ Շարմազանով անդրադարձած է նաեւ հայկական հարցին եւ արտայայտած՝ թրքական պաշտօնական տեսակէտներուն հակառակ մօտեցումներ։ Ի լրումն այդ բոլորին, հայկական պատուիրակութեան անդամները ժողովասրահը լքած են՝ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահի ելոյթին ժամանակ։

Այս բոլորին կապակցութեամբ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ հանդէս եկած է խիստ յայտարարութիւններով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պինալի Եըլտըրըմ նշած է, որ Հայաստանի ներկայացուցիչի յայտարարութիւնները չեն համընկնած ժողովի նպատակներուն։ Եըլտըրըմի խօսքով՝ Հայաստան ինքզինք կը կղզիացնէ իր իսկ որդեգրած ընթացքով։ «Հայաստան եթէ խաղաղամէտ քաղաքականութեան մը հետեւի եւ հարեւաններուն հետ բնականոնացնէ իր յարաբերութիւնները, ապա պիտի յաջողի Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարեկեցութեան նպաստել», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։

Զանազան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Հայաստանի ներկայացուցիչը չէ մասնակցած հաւաքի ամփոփիչ յայտարարութեան հրապարակման։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2018