ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊԻՇՔԵՔ ՉԻ ՄԵԿՆԻՐ. ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ Չ՚ԱՐԴԱՐԱՆԱՐ

Մոսկուա թէեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր շփում մը ապահովելու հետամուտ էր, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս փուլին այդ սպասումը չ՚արդարանար։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ յայտարարած էր, որ ԱՊՀ-ի ժողովներու շրջանակներէն ներս, հոկտեմբերի 12-ին, Պիշքեքի մէջ հանդիպում մը կրնայ տեղի ունենալ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ։ Կալուզին յայտնած է, որ Մոսկուա այս առթիւ ունեցած է Պաքուի հաւանութիւնը եւ նշած էր, որ կը սպասուէր Երեւանի պատասխանին։ Այդ պատասխանը շատ չուշացաւ եւ երէկ անմիջապէս վրայ հասաւ Երեւանի արձագանգը, ինչ որ հերթական դրսեւորումն է Մոսկուայի հետ առկայ անվստահութեան մթնոլորտին։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան ըսաւ. «Տակաւին հոկտեմբերի 4-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ԱՊՀ-ի գործադիր կոմիտէին գրաւոր ներկայացուցած էր, որ հոկտեմբերի 12-ին Պիշքեքի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին կը մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը։ Այսպէսով, ըստ էութեան, Լաւրովի միջնորդութեամբ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման մը հաւանականութիւնը այս փուլին մէջտեղէն կը ջնջուի»։

Յաջորդ շաբաթ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Հայկական կողմը, ըստ երեւոյթին, ռուսական կողմի միջնորդական դերակատարութենէն ունի յուսախաբութիւններ եւ այս փուլին ձեռնպահ կը մնայ նման նախաձեռնութիւններէ։

Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պատրաստ է նպաստելու Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղ կեանքի հաստատման։ Իր վերջին յօդուածին մէջ ռուս նախարարը շեշտած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ԵՄ-ի միջնորդութիւնը անկայունութիւն կը յառաջացնէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ։ «Այժմ Պրիւքսել՝ մտածելով իր աշխարհագրական յաւակնութիւններուն մասին, իր միջնորդական ծառայութիւնները կը պարտադրէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, ԱՄՆ-ի հետ ապակայունացում բերելով Հարաւային Կովկաս։ Այժմ, երբ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները իրարու մէջ կարգաւորած են ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հարցը, եկած է խաղաղ կեանքի հաստատման եւ վստահութեան ամրապնդման ժամանակը։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պատրաստ է ամէն կերպով նպաստելու այս բանին», նշած է Սերկէյ Լաւրով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023