ՏԻԳՐԱՆ ԱՒԻՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս այս առաւօտ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի նորընտիր աւագանիին անդրանիկ նիստը։ Մօտաւոր անցեալի ընտրութիւններով ձեւաւորուած աւագանին քաղաքապետ ընտրեց Տիգրան Աւինեանը, որ 2018-ի իշխանափոխութենէն վերջ միջոց մը վարած էր Հայաստանի փոխ-վարչապետի պաշտօնը։ Տիգրան Աւինեան քաղաքապետի միակ թեկնածուն էր՝ առաջադրուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ, որ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի երկրէն ներս։

Երեւանի վերջին քաղաքապետական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը մայրաքաղաքի աւագանիէն՝ այսինքն քաղաքապետական խորհուրդէն ներս մեծամասնութիւն չէր կրցած ապահովել։ Ընտրութենէն առաջ ընդդիմադիր ներկայացած քաղաքական ուժերը մեծամասնութիւն ապահոված էին քաղաքապետական խորհուրդէն ներս, որ պէտք է ընտրէր քաղաքապետը։ Յամենայնդէպս, ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնները փոխելու ներուժով այս հնարաւորութենէն այդ ուժերը չկրցան օգտուիլ։ Աւագանին այս առաւօտ քաղաքապետ ընտրեց Տիգրան Աւինեանը, ինչ որ կարեւոր ձեռքբերում մըն է Հայաստանի իշխանութիւններուն տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023