ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս օրերուն վերստին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ։ ՀԲԸՄ-ի 93-րդ ընդհանուր ժողովը կը պայմանաւորէ հայութեան օրակարգը՝ մանաւանդ, որ ան պատմական խաչմերուկի մը վրայ կը գտնուի։ Հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւնն է այս մէկը, որու ընդհանուր ժողովը այս անգամ կը բնորոշէ անցումային կարեւոր հանգրուան մը։ Աշխարհատարած հեղինակաւոր այս կազմակերպութիւնը, որ համազգային վստահութեան առանցք մը կը մարմնաւորէ, հասած է շրջադարձային պահու մը, որու խորհուրդը կը բիւրեղանայ հերթի առողջ փոփոխութիւն մը ապահոված ըլլալու հպարտութեան եւ անթերի երախտագիտութեան ընդելուզման մէջ։ Ուստի, 118-ամեայ այս կառոյցի ձեւով մը կենսունակութեան տօնախմբութեան վերածուած է այս անգամուան ընդհանուր ժողովը, ինչ որ առաջին հերթին ենթագետին մը կը ստեղծէ, որպէսզի ՀԲԸՄ տեսանելի ապագային շարունակէ իր գործունէութիւնը նո՛յն ազդեցութեամբ ու ձգողականութեամբ՝ մանաւանդ հայաստանակեդրոն փիլիսոփայութեամբ հանդերձ։

ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը կը գումարուի Նիւ Եորքի մէջ, ուր համախմբուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մասնաճիւղերէն պատգամաւորներ։ Բացի ՀԲԸՄ-ի շրջանակներէն գործիչներու, նոյն առթիւ մէկտեղուած են բազմաթիւ համակիրներ եւ հիւրեր, հայ կամ օտար։ Այլ խօսքով՝ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովին բերումով Նիւ Եորքը վերածուած է համահայկական ժամադրավայրի մը եւ այս աննախընթաց ու մեծ ժամադրութեան մասնակիցները առիթը կ՚ունենան Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բարձր ներկայութիւնն ու հովանաւորութիւնը վայելելու, իր օրհնութիւնները ստանալու։

Որքան որ ալ ընդհանուր ժողովը ըլլայ հերթական՝ այս անգամուանին արտասովոր նշանակութիւն կը վերագրէ նախագահի փոփոխութեան հանգամանքը։ Ամիսներ առաջ յայտարարուած էր արդէն, որ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահի պաշտօնին մէջ հերթի փոփոխութիւն տեղի կ՚ունենայ եւ այժմու ընդհանուր ժողովը կը բնորոշէ այս նոր շրջանին մեկնարկը։ Այսպէս, նախագահի առաքելութեան մէջ Պերճ Սեդրակեանին կը յաջորդէ Սեմ Սիմոնեան. անուններ, որոնք կը վայելեն մեծ հեղինակութիւն, երկար տարիներէ ի վեր լծակից են ու մանաւանդ՝ իրերանման տեսլական կը բաժնեն՝ հայութեան առջեւ նոր ոստումներու հորիզոնները ուրուագծելու տեսանկիւնէն։ Պերճ Սեդրակեան թէեւ նախագահի դերին մէջ ինքզինքը լի ու լի արդարացուցած է, սակայն, ըրած գործը այդքանով սահմանափակուած չէ, որովհետեւ շուրջ հինգ տասնամեակէ ի վեր հետեւողականօրէն աշխատանք կը տանի, առանց չափազանցութեան նոյնացած է կառոյցին հետ։ Ուստի, ան ՀԲԸՄ-ի ծառայութեան ախոյեան մը կը համարուի եւ բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան զինքը, կը վկայեն, թէ այս ամբողջին մէջ անանտեսելի եղած է նաեւ նուիրումը իր կողակցին՝ Վերա Սեդրակեանի։ Գալով Սեմ Սիմոնեանին, ՀԲԸՄ-ի մարմնաւորած յաւակնութիւններուն յարիր կերպար մըն է, կառոյցի շրջանակներէն ներս կը վայելէ համատարած համակրանք։ Իր մտահորիզոնին մասին պատկերացում կազմելու համար բաւարար է յիշել, թէ ան հիմնադիրն է ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոններու ցանցին. նախաձեռնութիւն, որ նոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ ճակատագրական կը համարուի իր ներուժով։ Բոլորը համամիտ են, թէ ան Սեդրակեանի արժանաւոր յաջորդը կրնայ ըլլալ։ Անոնք այնպիսի յարաբերութիւն մը եւ համագործակցութիւն մը ունին, որ ՀԲԸՄ-ի պարագային կրնան հաստատութենական յարատեւութիւն մը երաշխաւորել. բան մը, որ այս պահուն ամենէն կենսականն ու էականը կը համարուի հայութեան հաւաքական շահերուն տեսակէտէ։ Այլ խօսքով, այս ընդհանուր ժողովին զուգահեռ՝ կեդրոնական վարչութեան գլուխը կ՚անցնի Սեմ Սիմոնեան՝ որպէս 8-րդ նախագահ։ Ան նոր օղակը կը հանդիսանայ առասպելական անուններու այն ոսկէ շղթային, որ սկզբնաւորուած է հաստատութեան երանելի հիմնադիր Պօղոս Նուպար փաշայով ու շարունակուած երջանկայիշատակ Ալեք Մանուկեանով. փաղանգ, որու բոլոր անունները հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի մղիչ ուժերը եղած են իրենց գործած ժամանակաշրջանին։

ՀԲԸՄ-ի 93-րդ ընդհանուր ժողովը ունի եռօրեայ աշխատանքային ծրագիր մը, որու գլխաւոր իրադարձութիւնները նախատեսուած են Մենհեթթընի «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկի ընդարձակ համալիրէն ներս։ Եռօրեայ աշխատանքը կը սկսի այսօր։ Առաջին փուլին տեղի կ՚ունենայ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներուն (YP) հաւաքը։ Կառոյցի աշխարհատարած ցանցէն երիտասարդները կը մէկտեղուին ՀԲԸՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։ Երիտասարդաց համագումարէն վերջ, ընդհանուր ժողովը կը գումարուի վաղը առաւօտուան պաշտօնական բացումով։ Առաջին քայլափոխին պատգամաւորներու հաւաք պիտի կատարուի։ Յայտագիրը կ՚ենթադրէ բազմաբնոյթ աշխատանք, յարակից զանազան մշակութային ձեռնարկներով հանդերձ։

ՖՈՐՈՒՄ

Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւոր է «ԱՊՐԻ Արմենիա»ի ֆորումը, որու համար կէս օր յատկացուած է ծրագրին վրայ։ Սա 2022 թուականին, ՀԲԸՄ-ի կողմէ ստեղծուած անկախ կեդրոն մըն է՝ մտքի խմորման, մտայղացումներու եւ քաղաքականութիւններու ձեւաւորման նպաստելու հետամուտ։ «Հայաստանի նոր հաւասարակշռութիւնը. Ռուսաստան, Արեւմուտք եւ Հարաւային Կովկասի ապագան» անուանումով կազմակերպուած է այս ֆորումը, որուն կը մասնակցին՝ տարածաշրջանային կամ համաշխարհային հարցերու փորձառու մասնագէտներ։ Այս ֆորումը հարթակ պիտի տրամադրէ, որպէսզի հնչեն այնպիսի ձայներ, որոնք կրնան առաջնորդել Հայաստանի ապագայ քաղաքականութեան ձեւաւորումը։ Այս ֆորումով խոշորացոյցի տակ պիտի առնուին Երեւանի նոր արտաքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնները՝ Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի միջեւ։ Ատենախօսները պիտի մեկնաբանեն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտալուտ նախագահական ընտրութեան հաւանական ազդեցութիւնը համաշխարհային կայունութեան վրայ։ Լուսարձակի տակ պիտի բերուին՝ Հայաստանի անվտանգային ու պաշտպանական բարեփոխումները, որոնք պիտի արժեւորուին Հարաւային Կովկասի իրադրութեան տեսանկիւնէն, խաղաղութեան որոնումներով ու տարածաշրջանային կայունութեան ուղղեալ ջանքերով հանդերձ։ Ի լրումն այս բոլորին, ֆորումի ընթացքին գնահատական մըն ալ պիտի տրուի Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու համայնապատկերին՝ երկխօսութեան քաղաքականութեան, աշխարհաքաղաքական վիճակին ու ներքին գործերուն առումով։

Հայաստանակեդրոն մտայնութեան ջատագով ՀԲԸՄ-ի տեսակէտէ այսպիսի ֆորումի մը ընդհանուր ժողովի ծրագրին մէջ ընդգրկուած ըլլալը կը խորհրդանշէ կարեւոր զգայնութիւն մը՝ մանաւանդ որ համագումարը կը զուգադիպի պետութեան համար գոյաբանական հարցերով ծանրաբեռնուած ժամանակահատուածի մը։

ԱՐՈՒԵՍՏ

Ընդհանուր ժողովը մասնակիցներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ նաեւ հայկական մշակոյթին ու արուեստին հետ շփում ունենալու։ Այս առումով ալ նախատեսուածը գագաթնային փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ՝ քանի մասնակիցները կարելիութիւն պիտի ունենան հաղորդ դառնալու մեծ վարպետներու կատարումներուն, ինչ որ կը խոստանայ եզակի ներշնչում մը։ Ուրեմն, ֆորումի աւարտին, նոյն երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ «Արուեստ. Կշռոյթներու եւ համերու երեկոյթ» խորագրեալ ձեռնարկը։

Մենհեթթընի արեւելքին, «Harold Pratt House»ի մէջ կեանքի պիտի կոչուի յայտագրին այս փուլը։ Սա Նիւ Եորքի յատկանշական վայրերէն մին է, որ վաղ 20-րդ դարու ճարտարապետութեամբ կառուցուած ապարանք մըն է։ Անցեալին այդ առանձնատունը պատկանած է՝ արդիւնաբերութեան ոլորտի հսկայ ձեռներէցի մը։ Ուրեմն, այդ ապարանքի իւրաքանչիւր սենեակը յատկացուած պիտի ըլլայ տարբեր արուեստագէտի մը կամ խումբի մը։ Մասնակիցները համապարփակ ձեւով անոնց հաղորդ պիտի դառնան՝ ոճերու եւ հոսանքներու զանազանութեան մէջ։ Յայտագրի մասնակիցներու շարքին պիտի ըլլան՝ Լիւսի Եղիազարեանի հնգեակը, Կրեկորի Տոլպաշեանի պարախումբը, ելեկտրաջութակահար Արտեոմ Մանուկեան, Լուսինէ Մուսայէլեանի եւ Նաթան Ճիորճեթթիի «Ինթեսա» զոյգը, Մհեր Մնացականեան, Անդրանիկ Գզիրեան եւ այլն։

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Բուն ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի՝ ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2024-ին։ ՀԲԸՄ-ի վարչայինները, պատգամաւորները, բարերարները, համակիր ու բարեկամները, նաեւ հիւրերը այս փուլին ականատես պիտի ըլլան պատմական հերթի փոփոխութեան։ Ամբողջ աշխատանքային օր մը օրակարգի նիւթերուն շուրջ քննարկումներ պիտի ծաւալուին։ Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովները տեղի կ՚ունենան երկու տարին անգամ մը։

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԸՆԹՐԻՔ

Ընդհանոր ժողովը աւարտին կը հասնի՝ եզրափակիչ պաշտօնական ընթրիքով։ Թէեւ ընդունուած ձեւ մըն է, որ նման հաւաքոյթներու եզրափակումը բնորոշուի ճաշկերոյթով մը, սակայն, այս պարագային բացառիկ հանգամանքներ միահիւսուած են։ Արդարեւ, այս պաշտօնական ընթրիքով ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքը համատեղուած երկու կարեւոր իրադարձութեան վկայ պիտի դառնայ։ Առաջին՝ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան ամոլը անվերապահ երախտագիտութեան առարկայ պիտի դառնայ՝ շուրջ յիսուն տարուան յանձնառու ղեկավարութեան համար։ Երկրորդ՝ Սեմ Սիմոնեանի պաշտօնամուտը պիտի տօնախմբուի արդար ուրախութեամբ։ ՀԲԸՄ-ի շրջանակները լաւատեսութեամբ տոգորուած են՝ Սեմ Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ սկիզբ առնելիք նոր շրջանին ընդառաջ։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք համոզուած են, թէ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեաններու ժառանգութեան արժեւորումը, անոնց նկատմամբ ընդգծեալ երախտագիտութեան արտայայտութիւնը կրնան պայմանաւորել ՀԲԸՄ-ի առողջ ու նպատակասլաց երթը գոնէ տեսանելի ապագային։ Արդարեւ, յետադարձ հայեացքով մը Պերճ Սեդրակեանի պաշտօնավարած տարիներուն արժեւորումը համազօր է՝ հայոց արդի պատմութեան տարեգրութեանց վրայ հայելի դարձնելու։ Իր թողած վարչական ժառանգը ունի բազում ծալքեր, որոնք կը վերաբերին ճակատագրական անակնկալ պարագաներու մէջ պահու տակ առողջ կողմնորոշուելու, իրավիճակի մաժէօռ փոփոխութիւններու բերումով վարպետ ճկունութիւններու՝ առանց սկզբունքային շեղման եւ ի վերջոյ անակնկալ կամ յարափոփոխ պայմաններու բերումով առաջնահերթութիւններու համարժէք վերադասաւորման։

«Gotham Hall»ի մէջ, Պրոտուէյ, պիտի սարքուի ընթրիքը, որով գործնականօրէն նոյնաժամանակ պիտի մեծարուին ՀԲԸՄ-ի երկու նախագահներ՝ մէկուն առաքելութեան աւարտին, իսկ միւսի մեկնարկին առթիւ։ Հաւաքոյթի ընթացքին պիտի հնչեն ելոյթներ եւ պիտի գործադրուի երաժշտական յայտագիր՝ մանաւանդ, մեծանուն ջութակահար Սամուէլ Երվինեանի մասնակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024