ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Երկու ղեկավարները Ուաշինկթընի մէջ առաջնահերթօրէն քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի հաշտութեան գործընթացը, Սուրիոյ եւ Իրանի վերաբերեալ նիւթեր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Օպամա եւ Նեթանիյահու հանդիպումէն առաջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ Օպամա զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու ուշադրութեան յանձնեց այն հանգամանքը, թէ բացի Նեթանիյահուէն չկայ ուրիշ օտար ղեկավար մը, որու հետ տեսակցի այսքան յաճախակիօրէն։ Ըստ իրեն, սա ապացոյցն է այն խորհրդապահական կապին, որ գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ։ Ըստ Օպամայի, կողմերու համատեղ օրակարգին վրայ կը գտնուի Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան նուազեցումն ու խաղաղութեան ճանապարհին վերադառնալու հնարաւորութիւնները։ Պաղեստինցիներու օրինական փափաքներուն քաղաքական գործընթացով մը դիմագրաւման կարելիութիւններն ալ նոյնպէս առարկայ են ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ուշադրութեան։
Իր կարգին, Պենիամին Նեթանիյահու ընդգծեց, թէ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին խռովութիւններն ու ահաբեկչական դէպքերը կու գան վերահաստատել Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ «Կ՚ուզեմ բացայայտօրէն յայտնել, թէ չենք հրաժարած մեր խաղաղութեան յոյսէն։ Երբեք պիտի չլքենք խաղաղութեան նկատմամբ մեր յոյսը։ Բաց աստի, երկու ժողովուրդներու համար երկու պետութիւնով, զինազերծուած եւ հրէական պետութիւնը ճանչցող Պաղեստինի պետութեան մը ուղղութեամբ հաւատարիմ կը մնամ մեր խաղաղութեան տեսլականին», ըսաւ Ուաշինկթընի մէջ Պենիամին Նեթանիյահու։
Միւս կողմէ, Օպամա-Նեթանիյահու տեսակցութեան զուգահեռ Սպիտակ տան հանդիպակաց ճեմապարտէզին մէջ խումբ մը ցուցարարներ պարզեցին Պաղեստինի դրօշակներ եւ պահանջեցին ազատութիւն։ Ցուցարարները երթ մը իրականացուցին նաեւ Ուաշինկթընի փողոցներուն մէջ եւ արձակուեցան առանց որեւէ դէպքի։
Իր կարգին, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ գահակա-լը՝ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը կոչ ուղղեց ԱՄՆ-ին, որպէսզի դադրի գանձատրելէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու ծայրայեղ խմբաւորումները, որոնք սուրիացիները կը ստիպեն խոյս տալ դէպի Եւրոպա։
Միւս կողմէ, Օպամա հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ՝ առաջնահերթօրէն քննարկելով Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ծայրայեղ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ գործողութիւնները։