ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՅԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Կիպ­րա­կան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին Զուի­ցե­րիոյ մէջ։ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Մուս­թա­ֆա Ա­քըն­ճը եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի ղե­կա­վար Ա­նաս­տա­սիա­տիս աշ­խա­տանք կը տա­նին հիմ­նախնդ­րին լու­ծում մը գտնե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Մուս­թա­ֆա Ա­քըն­ճըի բան­բե­րը՝ Պա­րըշ Պուր­ճու տե­ղե­կա­ցուց, թէ ցարդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին յա­ռաջ­խա­ղա­ցում ար­ձա­նագ­րուած է՝ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի, ղե­կա­վար­ման դրու­թեան եւ ու­ժե­րու բաշխ­ման, տնտե­սու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­միու­թեան վե­րա­բե­րեալ գլուխ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ։ Ղե­կա­վար­նե­րը եր­կու օ­րուան ըն­թաց­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու չորս գլուխ­նե­րու պա­րա­գա­յին յա­ջո­ղած են ամ­փո­փել բո­լոր նիւ­թե­րը եւ ար­ձա­նագ­րել՝ նկա­տե­լի յա­ռաջ­խա­ղա­ցում։

NTV-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, բան­բե­րը ընդգ­ծեց նաեւ, թէ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ար­դէն սկսած են բա­նակ­ցիլ հո­ղա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու շուրջ։ Պա­րըշ Պուր­ճու ըն­ձե­ռուած նպաս­տա­ւոր աշ­խա­տան­քա­յին մթնո­լոր­տին հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հիւ­րըն­կալ Զու­ցե­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ՄԱԿ-ին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016