Չորեքշաբթի 8, Յունուար 2025
ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՄՆ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ։ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։
NTV-ի հաղորդումներով, Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ անկեղծ, բաց եւ արդիւնաւէտ հանդիպում մը ունեցած է Մայք Փենսի հետ։ «Նկատելի էր յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղեալ կամքը», ըսաւ վարչապետը։
Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ Եըլտըրըմ-Փենս տեսակցութենէն վերջ տեղեկացուցին, որ նոր էջ մը պիտի բացուի երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017