ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Թիւրքմենիստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ ծանրաբարձութեան համաշխարհային ախոյենութիւնը։ Երէկ, Հայաստանի հաւաքականէն Սիմոն Մարտիրոսեան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչում։ Հայաստանի տղամարդկանց հաւաքականէն Սիմոն Մարտիրոսեան, որ նախապէս Ողիմպիական խաղերու արծաթեայ մետայլակիր դարձած էր, երէկ դարձաւ նաեւ աշխարհի ախոյեան։ 109 քիլօկրամի դասաւորման մէջ Սիմոն Մարտիրոսեան պոկում վարժութեան ընթացքին բարձրացուց 195 քիլօկրամ, իսկ հրում վարժութեան մէջ՝ 240 քիլօկրամ։ Սա միեւնոյն ժամանակ համաշխարհային նոր մրցանիշ մըն է։

Երկամարտի 435 քիլօկրամի արդիւնքով 21-ամեայ Սիմոն Մարտիրոսեան այսպէսով դարձաւ համաշխարհային ախոյեան, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց հայկական մարզաշխարհէն ներս։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այս արդիւնքի եւ փայլուն յաջողութեան լոյսին տակ շնորհաւորեց Սիմոն Մարտիրոսեանը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018