ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Երեւանի Պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս երէկ նշուեցաւ Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի ֆաքիւլթէի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ նիստ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան վարեց այս յատուկ նիստը, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան յոբելենական նիստի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Ձեզի հետ կ՚ուզէի խօսիլ ապագայի մասին։ Բայց, ի հարկէ, ապագայի մասին չես կրնար խօսիլ, եթէ չխօսիս անցեալի եւ ներկայի մասին։ Մեր արեւելագիտութեան անցեալը շատ փառահեղ է. մեր արեւելագիտութիւնը չէ ստեղծուած այսօր, երէկ։ Չմոռնանք, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան 75 տարի առաջ ստեղծուած եւ հիմնադրուած է արեւելագէտի մը կողմէ իսկ՝ ակադեմիկոս Յովսէփ Օրբելիի կողմէ։ Եւ սա կը վկայէ, թէ ուրկէ՞ կու գան մեր արեւելագիտութեան ակունքները. անոնք կու գան միջազգային, ռուսական արեւելագիտութեան աղբիւրներէն եւ այս մէկուն վառ օրինակն է ակադեմիկոս Յովսէփ Օրբելին։ Արեւելագիտութիւնը, պատմագիտութիւնը, հնագիտութիւնը շատ աւելի խոր եղած են եւ ի զուր չէ, որ ակադեմիկոս Օրբելի եղած է նաեւ Էրմիթաժի տնօրէնը, իր օրինակով ցոյց տալով մշակոյթի, գիտութեան, պատմութեան եւ լայն գիտական գործունէութեան նշանակութիւնը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան՝ նշելով, որ 50-ամեայ այս ֆաքիւլթէի հետ շատ հանճարեղ գիտնականներու անունները առընչուած են. օրինակ՝ Հրաչեայ Աճառեան, Գրիգոր Ղափանցեան, Նիքոլայ Յովհաննիսեան, Յակոբ Փափազեան եւ այլք։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթին մէջ մէջբերեց նաեւ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանէն ներս բացուած «Հայաստան» ցուցահանդէսի համակարգողի խօսքերը՝ այն մասին, թէ միջնադարուն Մետաքսի ճանապարհի կառավարիչները, վարպետները հայերն էին։ «Սա կիրառական արեւելագիտութեան օրինակ մըն է ու կը վկայէ, թէ միջին դարուն մենք՝ հայերս, արեւելագէտ եղած ենք, որովհետեւ արեւելագիտութիւնը իմ պատկերացման մէջ միայն ակադեմական գիտութիւնը չէ, ան շատ աւելի լայն է», ըսաւ Սարգսեան եւ աւելցուց, որ այսօրուայ անկախ Հայաստանի պայմաններուն մէջ, երբ երկիրը բնականօրէն ունի յառաջ երթալու մէկ ճանապարհ, աշխարհի հետ շփուելու բաց համակարգը, արեւելագիտութիւնը շատ աւելի խոր հասկացութիւն կը դառնայ։ Այս կէտին վրայ Արմէն Սարգսեան կարեւորեց արեւելագիտութեան աւանդական ուղղութիւններուն՝ արաբագիտութեան, իրանագիտութեան, թրքագիտութեան զարգացումը։ Ըստ իրեն, պէտք է ընդլայնել նաեւ հնդկագիտութիւնը կամ չինագիտութիւնը եւ, ի հարկէ, Կեդրոնական Ասիոյ, Եւրոասիոյ տարածքի վերաբերեալ աւելի խոր հետազօտութիւններ անհրաժեշտ կը համարուին։

«Հետեւաբար՝ ինծի համար արեւելագիտութիւնը ինքնին նաեւ խաչմերուկ մըն է։ Այսօրուայ արեւելագիտութիւնը չի սահմանափակուիր միայն գիտական, ակադեմական հետազօտութիւններով։ Իր տեսակին մէջ արեւելագիտութիւնը շատ աւելի խոր է, ան նաեւ հայագիտութիւն է։ Եթէ մենք այսօր կ՚ուզենք ուսումնասիրել մեր պատմական ինքնութիւնը, ապա ուսումնասիրութեան ամբողջ շրջանակը շատ լայն է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Յոբելենական հաւաքի ընթացքին արտասանած ելոյթի եզրափակիչ բաժնին մէջ նախագահը նշեց հետեւեալը. «Փայլուն յիսուն տարիներ, հոյակապ արդիւնք եւ կը կարծեմ՝ փայլուն ապագայ։ Յոյս ունիմ, թէ Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի հիման վրայ կը ստեղծուին մի շարք հզօր կառոյցներ, որոնք կը կրեն այն կարեւոր եւ նշանակալից ազգային պահանջը, որ մենք ունինք։ Հայաստան կրկին կեդրոնն է Մետաքսի ճանապարհի, Հայաստան խաչմերուկն է տարբեր քաղաքակրթութիւններու, կեդրոնն է քաղաքական հսկայական իրադարձութիւններու եւ այդ կեդրոնը ըլլալով՝ Հայաստան պէտք է ստանձնէ իր դերը, ուր հսկայական նշանակութիւն ունի արեւելագիտութիւնը»։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018