ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ հիւրընկալեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանն ու ընտանիքը։ Սա հրաժեշտի հանդիպում մըն էր, որովհետեւ Միքայէլ Մինասեան արդէն ետ կանչուած է այդ պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պաշտօնաթող դասպանը ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկութիւններ փոխանցեց այս հանդիպման շուրջ։ «Շնորհակալ եմ ձեզի, Սրբազան Քահանայապետ՝ որպէս հայ, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եւ պարզապէս որպէս մարդ, որուն դուք ընդունեցիք եւ զոր սիրեցիք», գրեց Մինասեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ։

Հարկ է նշել, որ Միքայէլ Մինասեան եղաւ Հայաստանի առաջին դեսպանը, որու նստավայրը կը գտնուէր Վատիկանի մէջ։ Ան երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսան էր։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018