ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Միջազգային ընտանիքը այս շաբաթավերջին կը նշէ Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեայ յոբելեանը։ Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան Փարիզի մէջ, ուր բազմատասնեակ երկիրներու ղեկավարներ կը համախմբուին այս շաբաթավերջին։ Յոբելեանին զուգահեռ տեղի կ՚ունենայ նաեւ «Փարիզի խաղաղութեան համաժողովը»։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի տանտիրութեամբ նախատեսուած այս յոբելենական արարողութիւններուն հրաւիրուած են նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն այցելութեան ընդառաջ ըսաւ հետեւեալը. «10-11 նոյեմբեր թուականներուն հանրապետութեան նախագահը Փարիզի մէջ կազմակերպուած՝ Առաջին աշխարհամարտը աւարտին հասցուցած համաձայնութեան 100-ամեակին բերումով միջազգային հաւաքոյթի մը պիտի մասնակցի ընդառաջելով՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի հրաւէրին։ Այս ծրագրին շուրջ 70 պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ մասնակցութիւն պիտի բերեն։ Ցայսօր վերահաստատուած տուեալները ցոյց կու տան այս բանը, թիւը կրնայ բարձրանալ կամ նը-ւազիլ։ Հանրապետութեան նախագահը այս հանդիսութիւններուն պիտի մասնակցի, բնականաբար Փարիզի մէջ այնտեղ ներկայ ղեկավարներու հետ ալ երկկողմանի տեսակցութիւններ պիտի ըլլան։ Ան պիտի ընդունի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, բաց աստի, ըստ ծրագրի ընձեռած յարմարութեան այլ երկկողմանի տեսակցութիւններ ալ պիտի իրականացնէ։ Բնականաբար, կարեւոր է, որ Թուրքիա հրաւիրուած է նման միջազգային հարթակի մը։ Սա կարեւորութիւն կ՚ընծայէ այն առումով, որ Թուրքիոյ տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային դիւանագիտութեան մէջ  ունեցած տեղը կը վերահաստատուի։ Սակայն, մասնաւորապէս երկկողմանի տեսակցութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ հանդիսութիւններուն զուգահեռ»։

Իպրահիմ Քալըն նոյն յայտարարութեան մէջ տեղեկացուց նաեւ, որ ամսավերջին նախագահ Էրտողան Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովին առթիւ պիտի այցելէ նաեւ Արժանթին։

Միւս կողմէ, «Լը Մոնտ» օրաթերթը երէկ հրապարակեց Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի յայտարարութիւնը, որուն տակ ստորագրութիւն դրած են շուրջ 65 գործիչներ՝ գիտական, հասարակական, քաղաքական, մարզական եւ այլ շրջանակներէ։ Այս յայտարարութեան մէջ կը քննադատուի նախագահ Էրտողանի այս շաբաթավերջի յոբելենական արարողութիւններուն հրաւիրուած ըլլալու հանգամանքը։

Մինչ այդ, Ֆրանսայի շարք մը թրքական կազմակերպութիւններ ալ հակազդեցին այս յայտարարութեան դէմ եւ այդ մէկը որակեցին անօգուտ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 2018