ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՋՐԲԱԺԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջին փուլը, որ բնորոշուեցաւ շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր շարունակուող լայնածաւալ պատերազմով, երէկ կէսգիշերին պատմական ջրբաժանի մը յանգեցաւ։ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երէկ գիշեր պատերազմին վերջ տալու համար ստորագրեցին հրադադարի համաձայնագիր մը, որով բոլորովին նոր իրավիճակ մը կը ստեղծուի Հարաւային Կովկասէ ներս։ Տասն մեծ բեռնատար ինքնաթիռներով Ռուսաստանէն խաղաղապահ զօրքեր արդէն կը տեղակայուին տարածքաշրջանի մէջ, ուր տեսանելի ապագային անբաղդատելիօրէն մեծ եւ անշրջադարձելի պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երէկ գիշեր Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ ո՛չ միայն Ռուսաստանէն, այլ նաեւ՝ Թուրքիայէն խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Այլ աղբիւրներու հաղորդումներով, թուրք իրաւասուներ յայտնած են, որ Անգարա եւ Մոսկուա աշխատանք կը տանին նոր փաստաթուղթի մը վրայ։ Այսպէս, Թուրքիա եւ Ռուսաստան հետամուտ են զինուորական դիտարկման կեդրոն մը ստեղծելու եւ խաղաղապահ զօրք մը կազմաւորելու։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ գիշեր ստորագրութիւն դրին բախտորոշ փաստաթուղթի մը տակ։ Այս համաձայնութիւնը Ատրպէյճանի տեսակէտէ մեծ յաղթանակ մը կը նշանակէ, իբր այդ Պաքուի մէջ մեծ տօնակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Ալիեւ այս փաստաթուղթը Փութինի հետ ստորագրեց հեռավար կազմակերպուած յատուկ արարողութիւնով մը։ Մետայլի միւս երեսակին Երեւանի մէջ կը տիրէ քաոս։ Հայաստանի տեսակէտէ այս համաձայնութիւնը շատ ծանր նշանակութիւն ունի, ան կը բնորոշէ հայոց արդի պատմութեան թէկուզ մեծագոյն ձախողումը։ Նիկոլ Փաշինեանին վիճակած է հաւանութիւն տալ փաստաթուղթի մը, որով հայկական կողմը կը հրաժարի Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ բոլոր յաւակնութիւններէն։

Շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր կը շարունակէր Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը։ Ռազմական գործողութիւնները այնպիսի ընթացք մը ունեցան, որ հայկական կողմը պարտաւորուեցաւ միակողմանիօրէն անհաւատալի զիջումներ կատարելու եւ ամբողջութեամբ ենթարկուելու Ատրպէյճանի պահանջներուն։ Ռազմադաշտի վրայ կարելի չէ եղած Արցախի յարակից անվտանգութեան գօտիի վերահսկողութիւնը պահել։ Հայկական կողմը այդ գօտիի վերահսկողութիւնը բանակցային սեղանին վրայ կ՚օգտագործէր Արցախի կարգավիճակին փոխարէն սակարկելու համար։ Այդ խաղաքարտը թէժ մարտերու հետեւանքով արդէն կորսուեցաւ անվերադարձ։ Վերջին օրերուն, Շուշիի վերաբերեալ հաղորդումներուն կապակցութեամբ Ատրպէյճանէն եւ Հայաստանէն կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ հակասութեան հետզհետէ խորանալը, անդունդի մը վերածուիլը արդէն ազդանշանն էր ստեղծուած իրավիճակին։ Երբ Ատրպէյճանի բանակը մուտք գործեց Շուշի, ապա հայկական կողմի հնարաւորութիւնները գրեթէ սպառեցան, որովհետեւ ուղղակիօրէն Արցախը ամբողջութեամբ շրջափակման վտանգի դէմ յանդիման մնացած էր եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը անխուսափելիօրէն կը մնար անպաշտպան։ Այս կացութեան առջեւ Նիկոլ Փաշինեան պարտաւորուեցաւ դիմել երէկ գիշերուան ծանր քայլին։

Երէկ կէսօրուան ժամերէ սկսեալ հայկական աղբիւրներն ալ Շուշիի պարագային իրերը իրենց անունով կոչելու հետամուտ եղան։ Արցախի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեան տեղեկացուց, որ Շուշիի վերահսկողութիւնը ամբողջութեամբ կորսնցուցած է հայկական կողմը։ Այս հաստատումը թէեւ պաշտօնական հարթութեան վրայ առաջին հերթին որոշ մեղմացումներու ենթարկուեցաւ՝ մանաւանդ, որ Նիկոլ Փաշինեան անմիջապէս տեղեկացուց, որ մարտերը տակաւին կը շարունակուին, սակայն բուն պատկերը արդէն երեւցած էր։ Շուշիի վերաբերեալ հաղորդումներով պայմանաւորուած ծանր մթնոլորտը արդէն կաթուածահար ըլլալու սեմին հասցուցած էին հայկական կողմը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ երեկոյեան ժամերուն ուրիշ դէպք մը պատահեցաւ։ Հայաստանի Արարատի մարզէն ներս, Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ թռիչք կատարելու ժամանակ խոցուեցաւ Ռուսաստանի սահմանապահ զօրքերու ուղղաթիռներէն մին, որու մէջ երկու ռուս զինուոր զոհուեցաւ։ Շուտով ստուգուեցաւ, որ Ատրպէյճանի զօրքերը Նախիջեւանէն կրակ բանալով խոցած էին ռուսական բանակի ուղղաթիռը։ Սա Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ ոտնձգութիւն մըն էր, իսկ ռուս սահմանապահները այդ ինքնիշխան տարածքը ոտնձգութիւններէ զերծ պահելու առաքելութիւնը ունէին, սակայն, այդպէս ալ հարցը չճիւղաւորուեցաւ։ Պաքու պաշտօնապէս հաղորդեց, որ իր միջամտութեան հետեւանքով, սակայն թիւրիմացաբար խոցուած է ռուսական ուղղաթիռը։ Այսպէսով հարցը չմեծցաւ, իսկ աւելի ուշ, հրադադարի համաձայնութեան ստորագրումէն վերջ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով տեղեկացուց, որ ստորագրուած փաստաթուղթի նախագիծը այդ դէպքէն առաջ արդէն պատրաստուած էր։

Այժմ Հայաստանի տեսակէտէ ստեղծուած է շատ ծանր կացութիւն մը։ Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան։ Երէկ գիշերուընէ սկսեալ ժողովուրդը մատնուեցաւ մեծ պոռթկումի մը։ Ցուցարարներ ներխուժեցին Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան շէնքերը, ուր ամէն ինչ եղաւ ջարդուփշուր։ Խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեան ենթարկուեցաւ սաստիկ ծեծի եւ վիրահատուեցաւ։ Կը հաղորդուի, որ իր կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Ըստ Երեւանէ հասած վերջին լուրերուն, ցուցարարները կը պահանջեն Փաշինեանի դրած ստորագրութեան յետս կոչուիլը, մինչ իրաւաբաններ կը մատնանշեն, որ վարչապետը լիազօրուած չէր նմանաբովանդակ փաստաթուղթ մը ստորագրելու։ Յամենայնդէպս, այս բոլորը կը բացատրուին առկայ յուզականութիւնով, որովհետեւ այն ինչ որ տեղի ունեցած է, այլեւս կը թուի ըլլալ անդառնալի՝ մանաւանդ, որ Վլատիմիր Փութինն ալ երէկ ուշ երեկոյեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ։ Հայաստանի Պաշպանութեան նախարարութիւնն ու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը այս առաւօտ համատեղ յայտարարութիւնով մը տեղեկացուցին, որ կը հնազանդին համաձայնութեան, յարմար կը դատեն արիւնահեղութեան դադրեցումը։ Անոնք արդէն ձեռնարկած են եռակողմանի համաձայնութեան դրոյթներու կատարման։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ընկերային ցանցերու միջոցաւ իրերայաջորդ բացատրութիւններով հանդէս կու գայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ան կը բացատրէ, որ ինչպիսի սուր ստիպողութիւններու բերումով գացած է այդ փաստաթուղթը ստորագրելու ծանր քայլին։ Նման կացութեան մէջ առաջնորդի մը կողմէ արդարանալու փորձերը որոշ չափով կը համարուին հասկնալի։ Յամենայնդէպս, Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտութիւնները կ՚ընդգրկեն այնպիսի երանգաւորումներ, որոնք հասարակութենէն ներս այս նախախնամական փուլին կրնան նոր պառակտումներ յառաջացնել, ինչ որ աչալուրջ շրջանակներու մտահոգութիւն կը պատճառէ։ Բոլորը կը գերադասեն երկիրը ցնցումներէ զերծ պահելը, որովհետեւ այլապէս նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմ մը կրնայ սպառնալ Հայաստանին։ Յառաջիկայ օրերուն Փաշինեանի առնելիք քայլերուն վերաբերեալ կանխատեսումներ ընել դժուար է, սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ քաղաքական տեսակէտէ նման դառն փաստաթուղթեր ստորագրած ղեկավարները յաջորդ քայլափոխին դժուար թէ կարողանան պահել իշխանութիւնը։ Փաշինեան վերջին ելոյթներուն մէջ կը խօսի նոր հանրահաւաք մը կազմակերպելու մասին, սակայն ներկայ պայմաններով հասկնալիօրէն լուրջ հարցականի տակ են ժողովուրդը շարժման անցընելու իր հնարաւորութիւնները։ Արդարեւ, Հայաստանի հանրային կարծիքը արդէն կ՚անդրադառնայ, որ իշխանութիւններու նկատմամբ անվստահութիւն ունենալու լուրջ հիմքեր ունի, որովհետեւ պատերազմի աւելի քան քառասուն օրերուն ռազմաճակատի իրականութիւնը բացարձակապէս թաքցուած է ժողովուրդէն։

«Յայտնուած էինք իրավիճակի մը մէջ, ուր ուղղակի այլընտրանք գոյութիւն չունէր։ Այսպիսի որոշում կայացուցած եմ այն բանէն վերջ, երբ բանակը շարունակաբար պնդած է նման քայլի մը երթալու անհրաժեշտութիւնը», կ՚ըսէ Նիկոլ Փաշինեան այս պահուն ժողովուրդին։ Մինչ Երեւանի կեդրոնին բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ այս առաւօտ ընկերային ցանցերու միջոցաւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Երէկ գիշեր ան տեղեկացուցած էր, որ հաւանութիւն տուած է ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման ուղղեալ քայլերուն։ Իսկ այս առաւօտ ան ըսաւ. «Հանդիպումներ ունեցած եմ քաղաքական ուժերու, ռազմական գործիչներու հետ, որոնց բոլորը միակարծիք էին, թէ պէտք է կնքուի հրադադար։ Այլապէս, մենք օրերու ընթացքին պիտի կորսնցնէինք ամբողջ Արցախը»։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան նշեց, որ հայկական կողմը արդէն նոյեմբերի 5-ին կորսնցուցած էր Շուշիի վերահսկողութիւնը, իսկ նոյեմբերի 7-էն սկսեալ ամբողջութեամբ անհնարին դարձած էր կռուիլ մնացած մարդկային եւ ռազմաթեքնիկ միջոցներով։ Իր խօսքով՝ 43 օրուայ ընթացքին հայկական կողմը կորսնցուցած է Ֆիզուլիի, Ճեպրայիլի, Քուպաթլուի, Զանկելանի եւ Հադրութի շրջանները, Մարտունիէն ու Ասկերանէն որոշ մասեր եւ Շուշին։ Մարտերը արդէն աշխարհագրականօրէն Ստեփանակերտէն 2-3 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը շարունակուէին։ Այդ թափով քանի մը օրուան ընթացքին հայկական կողմը պիտի կորսնցնէր ամբողջ Արցախը եւ շատ աւելի մեծ թիւով զոհեր  պիտի տար։ Եթէ հայկական կողմը Ստեփանակերտը կորսնցնէր, ապա առաջնագիծի վրայ գտնուող ամբողջ զինուորները շրջափակման տակ յայտնուելու վտանգին պիտի ենթարկուէին։

Առկայ քաոսային վիճակին մէջ Արցախի նախագահի Անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդականներէն Տիգրան Աբրահամեան այս առաւօտ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ուշագրաւ գրառումով մը. «Նոյնիսկ անոնք, որոնք ի պաշտօնէ տիրապետած են ամբողջ գործընթացին, կը փորձեն իրենց կաշիները փրկել»։ Ան նշած է, որ պատասխանատուութենէ խուսափելու շքերթ մը կը նկատէ՝ մէկը միւսին հերթ չի տար։ «Արցախը փրկելու համար այս պահուն տակաւին պէտք է փրկել Հայաստանը», նշած է նախկին պաշտօնատարը։

Հայկական կողմին տեսակէտէ իրադարձութիւններու շարունակութիւնը կռահելու, կանխատեսումներ ընելու համար տակաւին շատ վաղ է։ Շօշափելի միակ տուեալը այս առաւօտ հաղորդուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեանի կողմէ։ Այսպէս, ճակատի ամբողջ երկայնքով մարտական աշխոյժ գործողութիւնները դադրած են։ Ռուսաստանի խաղաղապահները կը շարունակեն Արցախի մէջ տեղակայուիլ։

ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այս առաւօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ան մամուլէն տեղեկացած է, որ Հայաստան Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ ստորագրած է պատերազմը դադրեցնելու մասին յայտարարութիւն մը։ Մամուլէն տեղեկացած է նաեւ պատերազմի դադրեցման պայմաններու մասին։ «Որպէս հանրապետութեան նախագահ՝ այս փաստաթուղթին վերաբերեալ որեւէ խորհրդակցութիւն կամ քննարկում չէ եղած ինծի հետ դժբախտաբար, որեւէ բանակցութեան չեմ մասնակցած», տեղեկացուց Արմէն Սարգսեան։ Ըստ իրեն, հաշուի առնելով առկայ իրավիճակով պայմանաւորուած՝ ժողովուրդի ստուար զանգուածի խոր մտահոգութիւնները, անյապաղ կը նախաձեռնէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու՝ համազգային շահերու պաշտպանութեան օրակարգէն բխած լուծումները ամենակարճ ժամանակի ընթացքին համաձայնեցնելու նպատակով։ «Որպէս հանրապետութեան նախագահ՝ ազգապահպանութեան կարեւորագոյն այս պահուն համազգային միասնութեան ձեւաւորումը կը համարեմ իմ այժմէական առաքելութիւնը։ Կը յուսամ, թէ տասնօրեայ ժամկէտի մէջ բոլորս կը յաջողինք ձեւաւորել այդպիսի միասնութիւն մը, որու պարագային ես կը համարեմ, որ օգտագործած եմ հայրենիքիս ծառայելու հնարաւորութիւնները», նշուած է Արմէն Սարգսեանի յայտարարութեան մէջ։

ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ երէկ ուշ գիշերին ստորագրուած համաձայնութեան բնագրին թարգմանութիւնը ներկայացուեցաւ «www.civilnet.am» կայքէջին կողմէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք փաստաթուղթի կէտերը։

1- Կը յայտարարուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին 2020 թուականի նոյեմբերի 10-ին Մոսկուայի ժամով 00.00-էն սկսեալ։ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այսուհետ՝ կողմեր, կանգ կ՚առնեն իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ։

2- Աղտամի շրջանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ղազախի շրջանին մէջ հայկական կողմէն պահուած տարածքները ատրպէյճանական կողմին կը վերադարձուին մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 20-ը։

3- Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով կը տեղակայուի Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրակազմ՝ 1960-ական զինեալներ հրաձգային զէնքով, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր ինքնաշարժ եւ յատուկ թեքնիկ սարքեր։

4- Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբը կը ծաւալուի հայկական զինեալ ուժերու դուրսբերման զուգահեռ։ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրակազմի գտնուելու ժամկէտը հինգ տարի է՝ հերթական հնգամեայ ժամանակահատուածով ինքնաբերաբար երկարաձգմամբ, եթէ կողմերէն ոեւէ մէկը ժամկէտի աւարտէն վեց ամիս առաջ չյայտարարէ այդ դրոյթի կիրառումը դադրեցնելու մտադրութեան մասին։

5- Հակամարտ կողմերը պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերահսկողութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով կը ստեղծեն հրադադարի վերահսկման խաղաղապահ կեդրոն մը։

6- Հայաստանի Հանրապետութիւնը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը Ատրպէյճանի Քելպեճերի շրջանը կը վերադարձնէ, իսկ մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը՝ Լաչինի շրջանը՝ պահպանելով Լաչինի միջանցքը (5 քիլօմեթր լայնութեամբ), ինչ որ կ՚ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ եւ միեւնոյն ժամանակ չի շօշափեր Շուշին։

Կողմերու համաձայնութեամբ՝ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին կ՚որոշուի Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, որ կ՚ապահովէ Ստեփանակերտի եւ Հայաստանի միջեւ կապը՝ ապագային այդ երթուղիի պահպանման համար ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վերատեղաբաշխմամբ։

Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով։

7- Ներքին տեղահանուած անձերն ու փախստականները կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ՝ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքեւ։

8- Կը կատարուի ռազմագերիներու, այլ պահուող անձերու եւ զոհուածներու դիակներու փոխանակում։

9- Տարածքաշրջանէ ներս կը բացուին բոլոր տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚ապահովէ փոխադրութեան հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններուն միջեւ՝ երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու անարգել երթեւեկութիւն կազմակերպելու նպատակով։ Փոխադրութեան հաղորդակցութեան վերահսկողութիւնը կ՚իրականացնեն Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները։

Կողմերու համաձայնութեամբ կ՚ապահովուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ կապող նոր փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու կառուցումը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2020