ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ

Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարի մը առաջ ստորագրուած յայտարարութիւնը չափազանց կարեւոր փաստաթուղթ մըն է։ Արցախի երկրորդ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ Տիմիթրի Փեսքով նշեց, որ չափազանց կարեւոր յայտարարութեան նշանակութիւնը դժուար է գնահատել։

Տիմիթրի Փեսքով տեղեկացուց, որ հրադադարի յայտարարութեան ստորագրման առաջին տարելիցին շփումներ նախատեսուած են Ռուսաստանի նախագահ Փութինի եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ։ «Ինչ կը վերաբերի Պաքուի եւ Երեւանի հետ շփումներուն, ապա Մոսկուայէն կ՚երեւի, որ անոնք տեղի կ՚ունենան զանազան մակարդակներով եւ բացառապէս կանոնաւոր սկզբունքով։ Ինչ կը վերաբերի երեքով շփումի, եթէ եւ երբ նման համաձայնութիւն մը ձեռք բերուի, մենք կը տեղեկացնենք։ Ներկայ պահուն յստակ որոշում չկայ», ըսաւ Փեսքով։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման հարցին։ Ըստ նախարարութեան, Մոսկուա պատրաստ է անհրաժեշտ խորհրդատուութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերելու այս հարցին մէջ։ Բաց աստի, շեշտուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը զգալի ներդրում մը ունի իրավիճակի կայունացման եւ տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։

Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ վիճակագրական տուեալներ եւ այլ մանրամասնութիւններ ներկայացուած են ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնքներուն շուրջ։ Ռուսական դիւանագիտական գերատեսչութիւնը յիշեցուցած է, որ տարի մը առաջ ապահովուած հրադադարը վերջ դրած է արիւնահեղութեան ու սկսած է տարածաշրջանէ ներս խաղաղ կեանքի հաստատման գործընթացը։ Այսօր կարելի է փաստել, որ հրադադարով ամրագրուածը ընդհանուր առմամբ կ՚իրականացուի։ Միեւնոյն ժամանակ, ռուսական կողմը կը կարեւորէ, որ Պաքու եւ Երեւան կը պահեն հաւատարմութիւնը բոլոր դրոյթներու ապագայ իրականացման հարցին մէջ։

Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերը կը գտահատեն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զգալի ներդրումը իրավիճակի կայունացման եւ տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։ «Մենք կը շարունակենք մեր ջանքերը՝ հնարաւորինս արագ յաղթահարելու համար մնացեալ մարդասիրական մարտահրաւէրները, ներառեալ պահուող բոլոր անձերու ազատ արձակուիլը, անյայտ կորսուածներու բոլորի ճակատագրին պարզուիլը, զոհերու մարմիններու փոխանակումը եւ ականապատ գօտիներու յուսալի քարտէսներու ամբողջական տրամադրումը։ Այժմէական է նաեւ պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութեան անվտանգութեան ապահովուիլը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Այս փուլին ռուսական կողմը մտադրութիւն յայտնած է իր գործընկերներուն հետ հետեւողականօրէն իրականացնել Հարաւային Կովկասէ ներս բոլոր տնտեսական ու փոխադրական կապերու ապաշրջափակման ուղղուած առաջադրանքները, որոնք ձեւակերպուած են Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններով։ Բարձր գնահատուած է երեք կողմերու փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։ Ընդգծուած է հաւասարակշռուած շահերու վրայ հիմնուած յստակ նախագիծերու շուտով սկիզբի անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի տնտեսական ու փոխադրութեան ներուժի բացայայտման։

Մոսկուա կարեւոր կը համարէ նաեւ շարունակել ջանքերը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս՝ առաջին հերթին տարածաշրջանի ընկերատնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման համատեսքին մէջ։

«Մենք կը կարեւորենք Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին լարուածութեան թուլացումը եւ անոր սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի սկսիլը՝ հնարաւորինս շուտ։ Մենք պատրաստ ենք աջակցիլ անհրաժեշտ խորհրդատուութեամբ։ Մենք ամէն ինչ կ՚ընենք՝ նպաստելու Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, աջակցելու խաղաղ նախաձեռնութիւններուն, բոլոր մակարդակներու վրայ շփումներու ընդլայնման, Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան ու տնտեսական զարգացման։ Մենք պատրաստ ենք նաեւ նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան Ռուսաստանի մասնակցութեամբ՝ ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով։ Մենք կողմնակից ենք Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ձեւաւորման, տարածաշրջանային փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան զարգացման», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021