ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼ՝ TIME-Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆՁԸ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ 2015 թուա­կա­նի տա­րուան ան­ձը հռչա­կուե­ցաւ TIME ա­մե­րի­կեան նշա­նա­ւոր հան­դէ­սի խմբագ­րու­թեան կող­մէ։ Ար­դէն թեկ­նա­ծու­նե­րու բա­ւա­կան կարճ ցու­ցակ մը կազ­մուած էր այս տա­րուան հա­մար եւ ար­դիւն­քին 61-ա­մեայ Ան­կե­լա Մեր­քէլ նուա­ճեց այդ կո­չու­մը։

Վեր­ջին քսա­նինն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին TIME պար­բե­րա­կա­նը ա­ռա­ջին ան­գամ տա­րուան անձ կը հռչա­կէ ի­գա­կան սե­ռէ գոր­ծիչ մը։ Իսկ 1927 թուա­կա­նէն ի վեր այդ կո­չու­մը նուա­ճած միայն չոր­րորդ կի­նը կը հան­դի­սա­նայ Ան­կե­լա Մեր­քէլ։

Պար­բե­րա­թեր­թը այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, թէ Ան­կե­լա Մեր­քէլ ա­զատ աշ­խար­հի շան­սէօ­լիէն է ու Եւ­րո­միու­թեան գործ­նա­կան ղե­կա­վա­րը։ Այս առ­թիւ յի­շե­ցուե­ցաւ, որ ան Ա­րե­ւե­լեան Գեր­մա­նիոյ մէջ մեծ­ցած է որ­պէս քա­հա­նա­յի մը դուստ­րը։ Եւ­րո­պա­յէ ներս յա­ռա­ջա­ցած պարտ­քե­րու ճգնա­ժա­մին, գաղ­թա­կան­նե­րու հիմ­նախնդ­րին եւ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Ուք­րայ­նոյ դէմ կա­տա­րուած մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն նման խնդիր­նե­րուն շուրջ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հա­մա­րուած է դրուա­տի­քի ար­ժա­նի։

Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի բան­բե­րը՝ Շե­ֆան Շէյ­պերթ տե­ղե­կա­ցուց, թէ վար­չա­պե­տը այդ կոչ­ման վե­րա­հա­սու դար­ձած է գո­հու­նա­կու­թեամբ։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015