ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բռնցքամարտի գերմիջին ծանրութեան WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ան ըսաւ.
«Ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ եմ: Ամէն յաղթանակէ ետք ինծի անհրաժեշտ է հոգեկան յաղթանակ, զոր կը ստանամ Հայաստանի մէջ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ իր յաջորդ մրցակիցը, Արթուր Աբրահամ ըսաւ.
«Յաջորդ մրցակիցս յայտնի է: Ան մեքսիկացի է: Տակաւին յայտնի չէ, թէ մրցումը ե՛րբ կ՚ըլլայ, բայց, հաւանաբար, տեղի կ՚ունենայ Մարտին: WBO-ի մէջ ան ախոյեանի գլխաւոր թեկնածուն է: Պարտութիւն չունի: Տակաւին չեմ տրամադրուած յառաջիկայ մենամարտին, որովհետեւ բաւական ժամանակ կայ: Հակառակորդիս մարտերը կը դիտեմ այն ժամանակ, երբ կը սկսիմ մարզուելու, իսկ հիմա ես կը հանգստանամ Հայաստանի մէջ, ուր պիտի մնամ չորս շաբաթ: Տակաւին չեմ որոշած, թէ ինչպէ՛ս պիտի դիմաւորեմ Ամանորը: Պիտի խօսիմ ընտանիքիս անդամներուն հետ, որպէսզի տեսնենք, թէ ո՛ւր պիտի դիմաւորենք զայն: Ես շատ կ՚ուզէի Ամանորին ըլլալ Հայաստանի մէջ»:
Խօսելով «Պերլինի ախոյեան 2015» ստացած մրցանակին մասին՝ Աբրահամ ըսաւ.
«Ես չորրորդ անգամ դարձայ Պերլինի լաւագոյն մարզիկ: Ատիկա ինծի համար մեծ պատիւ է: Ատիկա աւելի կ՛ոգեշնչէ զիս, որպէսզի աւելի լաւ արդիւնքներ ցոյց տամ»:
Արթուր Աբրահամ յայտնեց, որ փոփոխութիւն կայ անձնական կեանքին մէջ: Հայ բռնցքամարտիկը ամուսնացած է վեց ամիս առաջ` Հայաստանի մէջ:
«Անձնական կեանքիս մէջ փոփոխութիւններ արդէն կան: Ամուսնացած եմ վեց ամիս առաջ` Հայաստանի մէջ: Անոր անունը Մերի է, ուսանող է` Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: Ամուսնութիւնը գաղտնի տեղի չէ ունեցած, պարզապէս այն ժամանակ չէի ուզեր, որ իմ անձնական կեանքս մամուլին մէջ յայտնուէր, այդ պատճառով շատերը տեղեակ չեն այդ մասին», ըսաւ Աբրահամ: