ՄԵՂԱԴՐԱԿԱՆԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը ե­րէկ ի վեր­ջոյ հաս­տա­տեց այն մե­ղադ­րա­կա­նը, որ նա­խա­պէս եր­կու ան­գամ վե­րա­դար­ձուած էր։ Դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ պատ­րաս­տուած այս ամ­բաս­տա­նա­գի­րը կը վե­րա­բե­րի հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան։

Այս մե­ղադ­րա­կա­նը ու­ղար­կուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի 14-րդ պատ­ժա­կան ա­տեա­նը, որ կը քննէ ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Դա­տա­խա­զը պա­հան­ջած է, որ սոյն մե­ղադ­րա­կա­նը միա­ցուի բուն դա­տա­վա­րու­թեան։ Դա­տա­րա­նը տասն­հինգ օ­րուան ըն­թաց­քին պի­տի տայ հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շու­մը։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015