ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԵՐԼԻՆ ԱՅՑԵԼԵԼԷ ՎԵՐՋ ԱՅՍՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի կողմէ, որուն հրաւէրով կայացաւ այս այցելութիւնը։ Օրուան տեւողութեան Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Քրիստոֆ Հոյսկէնի հետ։ Բաց աստի, ան հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիա-Հայաստան ֆորումի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հարկ է նշել, որ այս ֆորումը կը գլխաւորուի Պունտեստակի երեսփոխաններէն Ալպէրթ Վայլէրի կողմէ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պերլինի շփումներուն ընթացքին Նալպանտեան խօսակիցներուն հետ շօշափեց ինչպէս հայ-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւններուն, այնպէս ալ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կարծիքներ փոխանակուեցան շարք մը հրատապ տարածքաշրջանային հարցերու շուրջ։ Միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրներու ամբողջին մէջ մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն նկատմամբ։
Նալպանտեան-Շթայնմայէր զրոյցին ընթացքին ընդգծուեցաւ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը խաղաղապահ գործողութիւններու շրջանակներէն ներս, մասնաւորապէս Աֆղանիստանի մէջ։ Նախարարները կանգ առին Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնութիւններու իրականացման, Ուքրայնոյ զարգացումներուն, Միջին Արեւելքի իրավիճակին, Սուրիոյ ճգնաժամին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան ջանքերուն վրայ։
Նկատի ունենալով, որ յաջորդ տարի Գերմանիա պիտի ստանձնէ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը՝ Նալպանտեան եւ Շթայնմայէր կարծիքներ փոխանակեցին այդ կազմակերպութեան օրակարգային հարցերուն, վերջերս Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած նախարարական խորհուրդի արդիւնքներուն եւ գերմանական նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ։ Նալպանտեան գերմանացի պաշտօնակցի ուշադրութեան յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերը՝ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ։
Նալպանտեան հրաւէր ուղղեց, որպէսզի Շթայնմայէր այցելէ Երեւան։
Աւարտելով Պերլինի շփումները Եդուարդ Նալպան-տեան այսօր կ՚այցելէ Վիեննա, ուր կը հիւրընկալուի Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի կողմէ։
Վաղը Նալպանտեան Վիեննայի մէջ պիտի իրակա-նացնէ նաեւ Եւրոպայի երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններուն կամ մշտական ներկայա-ցուցիչներուն տարեկան խորհրդակցութիւնը։