ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԿԱԴԵՄԻԿՈՍ ԳԷՈՐԳ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ունեցաւ ծանր կորուստ մը։ Ոչ եւս է ակադեմիկոս Գէորգ Բրուտեան, որ մահացաւ 89 տարեկան հասակին։ Ան փիլիսոփայական գիտութիւններու հեղինակաւոր մասնագէտ մըն էր։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ բերած աշխատակցութեան առընթեր նախագահն էր Փիլիսոփայութեան միջազգային ակադեմիոյ, նաեւ Հայոց փիլիսոփայական ակադեմիոյ։ Գէորգ Բրուտեան կը ղեկավարէր նաեւ Մեթափիլիսոփայութեան փոխակերպման տրամաբանութեան եւ փաստարկման միջազգային գիտահետազօտական կաճառը, որ կը գործէ «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին առընթեր։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անուրանալի է Գէորգ Բրուտեանի աւանդը գիտութեան եւ կրթութեան գործի կազմակերպման բնագաւառէն ներս։ Ան հիմնադրած եւ ղեկավարած էր շարք մը յառաջատար ամպիոններ եւ գիտական կազմակերպութիւններ։ Եղած էր Երեւանի «Պրիւսով» մանկավարժական կաճառի փիլիսոփայութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ տրամաբանութեան ամպիոններու հիմնադիր վարիչը։ Մեծ դեր խաղացած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Փիլսոփայութեան եւ ընկերաբանութեան ֆաքիւլթէի ստեղծման ու կայացման ուղղութեամբ։ Հակառակ իր տարիքին, Բրուտեան մինչեւ կեանքի վերջին օրերը կը շարունակէր իր հարուստ փորձառութիւնն ու կարողութիւնները ներդնել հայկական գիտութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Ան հեղինակած էր շուրջ 70 մենագրութիւններ, գիրքեր ու դասագիրքեր, նաեւ աւելի քան երկու հարիւր գիտական յօդուածներ։ Իր գործերը թարգմանուած էին քսան լեզուներու։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կարգադրութեամբ Գէորգ Բրուտեանի յուղարկաւորութեան համար ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով մը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ։