ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԹԷՔԷԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՊԱՐԶՈՒԵԼՈՒՆ
Սուրիահայ Թէքէեան ընտանիքին ոդիսականը այս օրերուն առաջնահերթ ձեւով կը զբաղեցնէ հայկական հանրային կարծիքին օրակարգը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ վրայով լաստանաւով մը Յունաստան հասնիլ կը փորձէին Թէքէեան ընտանիքին անդամները։ Դժբախտաբար այդ լաստանաւը Եգէկանի մէջ նախընթաց օր ընկղմած էր՝ Յունաստանի ափերը հասնելու համար հազիւ 15 վայրկեան մնացած հանգրուանին։ Այս ցաւալի պատահարէն վերջ չորս ժամ լողալով Իզմիր հասած էր Արինա Թէքէեան, որ ներկայիս այնտեղ կը գտնուի Գերմանիայէն փութացած մօրաքրոջ հետ։ Թէքէեան ընտանիքի միւս երեք անդամներուն ճակատագիրը անյայտ է այս պահու դրութեամբ։ «Արեւելք» կայքէջը երէկ շարունակեց այս նիւթին շուրջ մանրամասնութիւններ փոխանցել, մանաւանդ, որ ընտանիքի անդամները նամակով մը դիմած էին նաեւ Պատրիարքարան։
Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հետամուտ եղած է այս հարցին եւ իր աջակցութիւնը կը բերէ՝ Թէքէեան ընտանիքի անդամներու ճակատագիրը պարզելու ուղղեալ որոնումներուն։ Երէկ, այս նիւթին շուրջ ան օրուան աւարտին հակիրճ յայտարարութիւններ ըրաւ թերթիս, մինչ այդ յետմիջօրէի ժամերուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր «Արեւելք» կայքէջին հետ։ Դժբախտաբար մեծ նորութիւններ կամ փոփոխութիւններ չեն ապրուած եւ մտահոգ սպասումը կը շարունակուի այս պահու դրութեամբ։ Պատրիարքարանը պատրաստակամութիւն յայտնած է անհրաժեշտ օգնութիւնը ցուցաբերելու համար։ Հաշուի առնելով, որ լաստանաւը ընկղմած Յունաստանի ափին մօտ կը գտնուէր, թէ՛ Պատրիարքարանը եւ թէ ընտանիքը փորձած են շարժման անցընել նաեւ այդ երկրին լծակները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեզի յայտնեց, թէ ընտանիքին կողմէ իրեն կատարուած դիմումին առընթեր, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ալ նամակ մը ուղարկուած է Պատրիարքարան՝ որպէսզի Աթոռը իր հնարաւորութիւնները շարժման անցընէ սատար հանդիսանալու համար ներկայ որոնման աշխատանքներուն։
Ընդհանուր Փոխանորդի խօսքերով, եթէ ճամբորդելու համար անհրաժեշտ որեւէ փաստաթուղթի կարիքը յառաջանայ, ապա Պատրիարքարանը կրնայ միջնորդել՝ որպէսզի պատկան իշխանութիւններուն կողմէ տրամադրուի այդ մէկը։ Յամենայնդէպս, Արինա Թէքէեան եւ իր մօրաքոյրը տեղւոյն վրայ՝ Իզմիրի մէջ արդէն կատարած են անհրաժեշտ դիմումները, ուստի ներկայիս կը սպասուի արդիւնքներուն։ Արինա Թէքէեանի՝ մօրաքրոջ հետ Գերմանիա մեկնելուն համար դիմում ներկայացուած է նաեւ այդ երկրի հիւպատոսութեան մօտ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեզի յայտնեց, թէ չի կարծեր, որ մարդասիրական առումով նման ծանր կացութեան մը պարագային ցուցաբերուի ժխտական վերաբերմունք։ Եթէ մերժում մը ըլլայ, ապա Նորին Սրբազնութիւնը պատրաստակամ է բարեխօսելու յաչս գերմանական կողմին։
Բոլորի պատրաստակամութիւնով հանդերձ, դժբախտաբար, Թէքէեան ընտանիքի անդամներուն ճակատագիրը կը մնայ անստոյգ, մարդկային ծանր հետեւանքներու հեռանկարով։